image

Յորդանան դէպի նոր տագնա՞պ, թէ տագնապի աւարտ

Յորդանան  դէպի նոր    տագնա՞պ, թէ   տագնապի  աւարտ

Յստակ է, որ Յորդանանի համար ծանր գիշեր մըն էր։

 Իրաւապահ  մարմիններ   յաջողած են կանխել   պետական հարուածի  փորձ, որուն   մասնակից են    թագաւորական պալատի ապահովական    նախկին  գլխաւոր  պետը։

 Ամենաուշագրաւն  այն է,որ   այս  բարդութիւններուն մէջ  ինչ որ կերպ կապ ունի  Ապտալլա Թագաւորի եղբայրը՝  Իշխան Համզան։

 

Ի դէպ   եղած  ձերբակալութիւններու  լուրին հետ մէկտեղ,  շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ նաեւ, որ  ձերբակալուած է  Համզա  իշխանը  ու ապա  հերքուեցաւ  այդ տեղեկութիւնը։

 Իսկ ամենաուշագրաւն  այն էր, որ Համզա  իշխանը  «Պի. Պի. Սի.»ին խօսելով  համարեայ յայտարարեց, որ ինք  եւս գոհ չէ  երկրի  իրավիճակէն ու  շատ հաւանաբար  մեկնարկը տուաւ   քաղաքական նոր փուլի մը։

 Ամէն  պարագայի  իրադրութիւնը  շատ  աղօտ է   Յորդանանի մէջ,   եւ այս առումով   պաշտօնական  Ամման  յառաջիկայ ժամերուն աւելի յստակ    յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գայ։

 

 Չմոռնամ  նշել, որ    Ամմանի հետ գործընկերութեան մէջ եղող   կարեւորագոյն  տէրութիւններ՝  ԱՄՆ եւ Պարսից Ծոցի  Սիւննի   երկիրներ փութացին իրենց  նեցուկը  յայտնել   Ապտալլա  Թագաւորին։

 Չեմ  բացառեր, որ այսօր Կիրակի  Ապտալլա Թագաւոր  հանդէս գայ  յայտարարութեամբ եւ  իրավիճակը  հանդարտեցնել  փորձէ, չէ  բացառուած  նաեւ, որ երկրին մէջ  բողոքի  ցոյցեր   տեղի ունենան։

  Սպասենք։

 

Ս. Ա.