image

Իսրայէլ- Թուրքիա Յարաբերութիւնները Դէպի Բարելաւո՞ւմ

Իսրայէլ- Թուրքիա  Յարաբերութիւնները Դէպի Բարելաւո՞ւմ

Իսրայէլ- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)-  «Մոսատ»ի նորանշանակ  ղեկավար  Եոսի Քոհանի հիմնական խնդիրներէն մէկը պիտի ըլլայ դիւանագիտական կապեր հաստատել արաբ իսլամական երկրիներու հետ:  Այս մասին գրած է թրքական «Տէյլի Սապահ»ը, որ  նաեւ  կ'եզրակացնէ, թէ  Իսրայէլ նոյնպէս մտադիր է  բարելաւել  իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ: Ըստ  աղբիւրին  Իսրայէլեան  կազը  Եւրոպային վաճառելու նոր ուղիներու որոնումը, ինչպէս նաեւ ազգային անվտանգութեան սպառնալիքներու առաջքը առնելու կարեւորութիւնը ճանապարհ պիտի հարթեն Անգարայի եւ Թէլ Աւիւի միջեւ աւելի սերտ յարաբերութիւններու մշակման,  ինչին մասին կը վկայէ Եոսսի Քոհանի  որդեգրած  ընդհանուր ռազմավարութիւնը:  Միւս կողմէ, Թուրք պաշտօնական անձնաւորութիւն մը «Տէյլի Սապահ»ին յայտնած է, որ արդէն բանակցութիւններ կը վարուին, սերտելու իսրայէլեան կազի Թուրքիոյ միջոցաւ դէպի Եւրոպական շուկա ուղիներ բանալու հարցը:«Տէյլի Սապահ» նաեւ  կը յայտնէ, որ ընդհանուր սպառնալիքները եւ փոխադարձ տնտեսական շահերը, կրնան փոխել թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու ճակատագիրը եւ Քոհան կրնայ նշանակալի դեր խաղալ փոփոխութիւններու գործընթացին  մէջ:  Այս լոյսին տակ 2010 թուին Իսրայէլի կողմէ թրքական նաւատորմի ներխուժման եւ 10 թուրքերու սպաննութեան հետեւանքով Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ խախտուած յարաբերութիւնները կրնան   հանգոււցալուծման նոր փուլ մը  մտնել: