«Ալ Մայատին» լրատուական կայքը յայտնած է, որ Իրաքի մէջ տեղի ունեցած է հինգ քաղաքական խմբակցութիւններու՝ «Ալ Ֆաթհ», «Օրէնքի երկիր», «Ալ Նասր», «Ազգային առանցք», «Իրաքի իսլամական կուսակցութիւն» հանդիպումը, որուն նպատակն է ստեղծել յանձնաժողով մը, որ պիտի զբաղի ստեղծուելիք «Խոշորագոյն խմբակցութեան» կանոնադրութեան մշակմամբ:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, Իրաքի վարչապետ Հայտար Ալ Ապատի խորհրդարանական նիստ յայտարարելու կոչ ուղղած է խորհրդարանի նախագահին, որմէ ետք պիտի կայանայ խորհրդարանի նոր նախագահի ընտրութեան արարողութիւնն ու ստեղծուող կառավարութեան մէջ «Խոշորագոյն խմբակցութեան» ներկայացուցիչի թեկնածութեան առաջադրումը: