image

«Հըզպալլա»ի հարցով կիրքերը բորբոքած են Բրիտանիոյ մէջ

«Հըզպալլա»ի հարցով կիրքերը բորբոքած են Բրիտանիոյ մէջ

Լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութեան հանդէպ Բրիտանիոյ մէջ վերջերս հրապարակուած տեղեկութիւններէն ետք ներքաղաքական կիրքեր բորբոքած են թեմայի շուրջ: Այս մասին այսօր գրած է «Ալ-Մայատին» կայանը, նշելով, որ երկրի Աշխատաւորական կուսակցութեան ներկայացուցիչը բուռն քննադատութիւններ ուղղած է Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի հասցէին, նկատել տալով, որ անոր «Հըզպալլա»ի քաղաքական թեւը ահաբեկչական մարմին դասելու մասին որոշումի առաջարկը հիմնուած չէ իրատեսական մօտեցումներու եւ յստակ տուեալներու վրայ:

Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ  Մեծն Բրիտանիոյ ներքին գործոց նախարար Սաժէտ Ժաուիտ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ, ստանձնելու համար իշխող կուսակցութեան ղեկը եւ օգտագործելով «Հըզպալլա»ի թեման՝ նեղ դրութեան մատնելու Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Ճերըմի Քորպէյնը, որ կը համարուի «Հըզպալլա»ի, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան յառաջդիմական ուժերու զօրավիգ կանգնող քաղաքական անձնաւորութիւն:

Յիշեցնենք, որ Թերեզա Մէյի կառավարութեան կողմէ ուսումնասիրուած եւ առաջարկուած օրինագիծը, որուն հիմամբ «Հըզպալլա»ի քաղաքական թեւը պիտի համարուի ահաբեկչական կազմակերպութիւն, պիտի ներկայացուի երկրի խորհրդարանին առջեւ եւ պիտի քուէարկուի, որմէ ետք յստակ պիտի դառնայ, թէ այդ առաջարկը որշումի ուժ ունի կամ ոչ: