Ղարաբաղեան հակամարտութեան մասնակից երկիրներու եւ հարեւան պետութիւններու մայրաքաղաքներէն հնչող յայտարարութիւնները յաճախ պայմանաւորուած են յոյզերով։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը «Փրիմաքովեան ընթերցումներ» համաժողովի ընթացքին, կը տեղեկացնէ ԹԱՍՍ-ը։
«Մենք կոչ կ'ընենք այս իրավիճակին մէջ բոլոր ներգրաւուածներուն, այնուամենայնիւ, նպաստելու անոնց հանգստութեանն ու բնականոն կեանքի հաստատման, որոնք կը գտնուին այդ հողին վրայ»,- ընդգծած է Լաւրովը։ Ան աւելցուցած է, որ Ռուսաստանը այդ ուղղութեամբ աշխոյժօրէն կը զբաղի՝ խաղաղարարներու եւ ԱԻՆ ջանքերով։
Նախարարը նաեւ նշած է, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման գծով եռակողմ աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը նոյնպէս նուիրուած է այդ խնդրին։ «Եռակողմ աշխատանքային խումբի գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը պիտի որոշուի առաջին հերթին անով, թէ որքանով այդ ապաշրջափակումը ուղղակիօրէն պիտի օգնէ բարելաւելու մարդոց կեանքը,- նշած է Լաւրովը։- Այդ եռակողմ բանավէճերուն մէջ ե՛ւ Թուրքիոյ շահերը, ե՛ւ Իրանի շահերը միանշանակօրէն հաշուի կ'առնուին, այլապէս այդ ամբողջ ապաշրջափակումը առաւելագոյն արդիւնք չունենար»։
Ան նաեւ նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաշտութեան վերահսկման ռուս-թրքական կեդրոնի գործունէութիւնը շատ օգտակար եւ կայունացնող գործօն է։