image

Երուսաղէմի մէջ պարիսպի քանդման հարցով մտահոգուելու պատճառ չկայ. Պարզաբանում Դիւանապետէն (Լուսանկար)

Երուսաղէմի մէջ պարիսպի քանդման հարցով մտահոգուելու պատճառ չկայ. Պարզաբանում Դիւանապետէն (Լուսանկար)

Երուսաղէմի  Հայոց Պատրիարքութեան  դիւանապետ՝  Հայր Կորիւն վրդ. Պաղտասարեան գրառում մը կատարելով անդրադարձած է օրերս Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի մերձ եղող  պարիսպի վերաբերեալ ընթացք առած աշխատանքներուն մասին, նշելով, որ այդ առումով մտահոգուելու տեղիք չկայ։

Հայր սուրբը նաեւ  յայտնած է, որ վերակառուցուելիք պարիսպը պիտի ունենայ շատ աւելի լաւ եւ արդիական ու ապահով տեսք մը։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Հայր Կորիւնին կողմէ եղած գրառումը։

«Այսու կը տեղեկացնենք, որ Երուսաղէմի Հայկական թաղամասի ինքնաշարժներու կայանատեղիի պարիսպի քանդման մասին ընկերային ցանցերով վերջերս տարածուած տեղեկութիւնները չեն համապատասխաներ իրականութեան:

Երուսաղէմի քաղաքապետարանի ճարտարապետական բաժնի մասնագէտներու կատարած հետազօտութենէն յետոյ պարիսպը ճանչցուած է վթարային: Հետազօտութեան արդիւնքները գրաւոր ներկայացուած են Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան:

Երուսաղէմի քաղաքապետարանը եւ հայոց պատրիարքութիւնը համաձայնած են վթարային պարիսպը քանդել եւ 45 օրուայ ընթացքին նոյն տեղը կառուցել նոր պարիսպ:

Ստորեւ կը տեղադրենք պարիսպի ապագայ տեսքը»: