Վիճակագրութեանց ազգային ծառայութեան տուեալներուն համաձայն՝ այս տարուան առաջին երեք ամիսներու ընթացքին Հայաստանի մնայուն բնակչութեան թիւը նուազած է 4.200 հոգի: Արդարեւ, պաշտօնական տուեալներով՝ մինչ 2016 1 յունուարին Հայաստանի բնակչութեան թիւը կը կազմէր 2.998.600, 1 Ապրիլին այդ թիւը նուազած է, իջնելով 2.994.400-ի: Անցեալ տարուան Յունուարին բաղդատմամբ՝ բնակչութեան թիւը 12.300 նուազած է, իսկ վերջին հինգ տարիներու բաղդատմամբ՝ 24.400: