image

Հանրապետական կուսակցութեան համագումարը յառաջիկայ աշնան

Հանրապետական կուսակցութեան համագումարը  յառաջիկայ  աշնան

Հայաստանի իշխող՝ Հանրապետական կուսակցութեան  յառաջիկայ համագումարը պիտի կայացուի  աշնան, շատ հաւանաբար, հոկտեմբերին: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է  «Հայկական ժամանակ» թերթին կողմէ: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ այս համագումարը կարեւոր կը համարուի, որովհետեւ պիտի կայացուի  2017-ի  խորհրդարանական ընտրութիւններէն  առաջ:   Թերթը նաեւ գրած է, թէ շատ հաւանական է, որ համագումարը առաջ քաշէ  երկրին մէջ բարեփոխումներ  կայացնելու    հարցը, որուն    քանիցս ակնարկած էր երկրի նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան: