Հայաստանի իշխող՝ Հանրապետական կուսակցութեան յառաջիկայ համագումարը պիտի կայացուի աշնան, շատ հաւանաբար, հոկտեմբերին: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է «Հայկական ժամանակ» թերթին կողմէ: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ այս համագումարը կարեւոր կը համարուի, որովհետեւ պիտի կայացուի 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ: Թերթը նաեւ գրած է, թէ շատ հաւանական է, որ համագումարը առաջ քաշէ երկրին մէջ բարեփոխումներ կայացնելու հարցը, որուն քանիցս ակնարկած էր երկրի նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան: