image

Հանրահաւաքին ընթացքին պիտի ներկայացնեմ Կարապետեանի հետ հանդիպմանս մանրամասնութիւնները. Ն. Փաշինեան

Հանրահաւաքին ընթացքին    պիտի ներկայացնեմ Կարապետեանի հետ հանդիպմանս  մանրամասնութիւնները. Ն. Փաշինեան

Նիկոլ Փաշինեանն ազատ արձակուելէ ետք ցուցարարներուն միանալով առաջացած է Տիգրան Մեծի պողոտայով։ Բազմաթիվ ցուցարարներ ողջունած են զինք: 

Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ տակաւին յստակ տեղեկութիւններ չունի, սակայն կայ ցուցակ, ուր գրուած են ձերբակալուածներու անունները. «Բոլորին ազատ կ'արձակեն, ցուցակները կը նայենք»:

Փաշինեանը  աւարտին ըսաւ, որ երեկոյեան   հերթականին պէս   Հանրապետութեան  հրապարակին  վրայ  հանրահաւաք պիտի կայացուի, ուր ան      օրուան ընթացքին եղած  բոլոր  քննարկումները եւ  մանրամասնութիւնները պիտի   ներկայացնէ  հանրութեան: 

Նիկոլ Փաշինեանը «Ազատութեան» լրագրողի հարցին ի պատասխան ըսած է, որ հանդիպած է ՀՀ առաջին փոխվարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ:  

«Այո, նա եկաւ իմ խուց, եւ ես հանդիպել եմ նրա հետ: Այսօր երեկոյան կա՛մ կը խօսենք այդ մասին, կա՛մ յայտնի կը դառնայ»,- ըսած է Փաշինեանը:  

Հարցին, թէ իր բոլոր պայմանները ուժի մէ՞ջ են, Փաշինեանը ըսած է, որ կ'առաջարկէ 1-2 ժամ դադար առնել եւ սպասել, թէ ինչպէս են պիտի զարգանան իրադարձութիւնները. «Հիմա բոլորին հրաւիրում եմ Հրապարակ, որպէսզի այդ բոլոր հարցերի պատասխաները հրապարակային հնչեն»: