Նիկոլ Փաշինեանն ազատ արձակուելէ ետք ցուցարարներուն միանալով առաջացած է Տիգրան Մեծի պողոտայով։ Բազմաթիվ ցուցարարներ ողջունած են զինք:
Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ տակաւին յստակ տեղեկութիւններ չունի, սակայն կայ ցուցակ, ուր գրուած են ձերբակալուածներու անունները. «Բոլորին ազատ կ'արձակեն, ցուցակները կը նայենք»:
Փաշինեանը աւարտին ըսաւ, որ երեկոյեան հերթականին պէս Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հանրահաւաք պիտի կայացուի, ուր ան օրուան ընթացքին եղած բոլոր քննարկումները եւ մանրամասնութիւնները պիտի ներկայացնէ հանրութեան:
Նիկոլ Փաշինեանը «Ազատութեան» լրագրողի հարցին ի պատասխան ըսած է, որ հանդիպած է ՀՀ առաջին փոխվարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ:
«Այո, նա եկաւ իմ խուց, եւ ես հանդիպել եմ նրա հետ: Այսօր երեկոյան կա՛մ կը խօսենք այդ մասին, կա՛մ յայտնի կը դառնայ»,- ըսած է Փաշինեանը:
Հարցին, թէ իր բոլոր պայմանները ուժի մէ՞ջ են, Փաշինեանը ըսած է, որ կ'առաջարկէ 1-2 ժամ դադար առնել եւ սպասել, թէ ինչպէս են պիտի զարգանան իրադարձութիւնները. «Հիմա բոլորին հրաւիրում եմ Հրապարակ, որպէսզի այդ բոլոր հարցերի պատասխաները հրապարակային հնչեն»: