image

Փաշինեան ընդունեց Nouvelles D՚Armenie թերթի խմբագիր՝ Արա Թորանեանը

Փաշինեան ընդունեց Nouvelles D՚Armenie թերթի խմբագիր՝  Արա Թորանեանը

Փաշինեան ընդունեց Nouvelles D՚Armenie թերթի խմբագիր՝  Արա Թորանեանը:

Այս մասին կը տեղեկանանք կառավարութեան պաշտօնականէն  էջէն, որ մասնաւորապէս  կը գրէ, թէ Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանն ընդունած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեանը

Նիկոլ Փաշինեանը կարեւորած է ՀՀ կառավարութեան ներկայացուցիչներու եւ Սփիւռքի միջեւ պարբերական շփումները, որոնք հնարաւորութիւն կու տան կիսելու գնահատականները, փոխադարձաբար լսելի ըլլալու: Վարչապետի պաշտօնակատարի խօսքով՝ հայրենիքի առջեւ ծառացած խնդիրները հնարաւոր կ'ըլլայ լուծել միայն ազգային ներուժի համախմբման միջոցով: Նիկոլ Փաշինեանը աւելցուցած է, որ ստեղծուած նոր իրադրութեան մէջ կարեւորագոյն խնդիրը նոր համազգային օրակարգի ձեւաւորումն է՝ հաշուի առնելով նպատակներն ու հնարաւորութիւնները: «Պէտք է համախմբենք մեր համազգային կարողութիւնները՝ մարտահրաւէրներին դիմագրաւելու եւ համազգային օրակարգի առաջ մղման նպատակով», - ըսած է վարչապետի պաշտօնակատարը:

Արա Թորանեանն անդրադարձած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի գործունէութեան, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի շահերու պաշտպանութեանն ուղղուած գործողութիւններուն եւ այդ երկրի իշխանութիւններու հետ համագործակցութեան ընթացքին: Պարոն Թորանեանը կարեւորած է հայրենիքի մէջ կայունութեան ապահովումն ու ստեղծուած խնդիրներու լուծման գործով Սփիւռքի հետ հետեւողական ու շարունակական համագործակցութիւնը: «Բարձր գնահատանքի արժանի է Ձեր բռնած ճանապարհը ժողովրդավարական արժէքներու ամրապնդման գործին մէջ: Մենք եղած են կը կը շարունակենք մնալ հաւատարիմ մեր հայրենիքի պետականութեան պաշտպանութեան եւ զարգաման գործին»,- ըսած է Արա Թորանեանը: