image

Հալէպի ժողովուրդը միշտ հերոս ժողովուրդ եղած է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ. Պարգեւ Ապաճեան

Հալէպի ժողովուրդը միշտ հերոս ժողովուրդ եղած է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ. Պարգեւ Ապաճեան

«Արեւելք»ի  հարցերուն  կը  պատասխանէ հալէպահայ երիտասարդ տնտեսագէտ ՝ Պարգեւ Ապաճեան։

 

-Ներկայիս ի՞նչ է իրավիճակը Հալէպի մէջ:

Հալէպի մէջ, ինչպէս բոլորին յայտնի է, շատ գէշ օրեր ապրեցանք,  կորուստներ ունեցանք, տուներ  կորսնցուցինք,  ամէն հայ ընտանիքէ ներս բաժանումներ եղան, ինչը մեզի համար սրտի մեծ ցաւ կսկիծ    պատճառեց։ Ներկայիս, բաղդատմամբ անցեալի օրերուն, Հալէպի իրավիճակը շատ աւելի լաւ է, հիմա գոնէ անվախ կերպով կ'իջնենք տուներէն, առանց վախնալու, որ կրնանք ռումբ  մը   զոհը երթալ։Այսինքն ապահովական իմաստով  հիմա   շատ աւելի լաւ ենք։ Ինչ կը վերաբերի քաղաքի տնտեսական վիճակին, դժբախտաբար, դրական կարելի չէ արտայայտուիլ, տնտեսական վիճակը կրնանք ըսել զէրօ եւ զէրոյէն ալ ցած է, որովհետեւ դեռ պատերազմի յետարդիւնքները կ'ապրինք,թէպէտ ռումբերը դադրեցան, բայց   առեւուրն ու շուկայի  վիճակը անցեալի իր  փայլքին չէ վերադարձած։ Գործերը սառած են  եւ  մարդիկ շուարած վիճակի մէջ են, թէ ինչ պիտի ընեն:


Հալէպի ժողովուրդը միշտ հերոս ժողովուրդ եղած է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ: Հալէպահայը կը փորձէ ամէն դժուարութենէ դուրս գալու միջոց մը գտնել, կը փորձէ համակերպիլ եւ իր անձը հաշտեցնել իւրաքանչիւր դժուարութեան հետ, որ կը դիմագրաւէ:

 

-Մեր  ունեցած  տուեալներով դուք  պատերազմի օրերուն ալ չհեռացաք Հալէպէն, կը պատմէք ինչո՞ւ, ի՞նչ էր պատճառը:

 Ճիշդ   էք։ Հիմնական պատճառը հօրս հիւանդութիւնն էր, որ արդէն հիմա ողորմած է։ Ան  մահացած յունիս 2016-ին երկարատեւ հիւանդութեան մը  հետեւանքով։Հայրս նախքան պատերազմը արդէն փարքինսընէ կը տառապէր, 6 տարի ուղեղային քրիզներ կ'անցնէր եւ անիկա հիմնական պատճառ մըն էր, որպէսզի մենք Հալէպ մնանք, որովհետեւ հիւանդ վիճակով հայրիկիս հետ տեղ մը չէինք կրնար երթալ, մշտական խնամքի կարիք ունէր, անոր համար ես նախընտրեցի չճամբորդել։ Թէկուզ բոլոր ընկերներս եւ բարեկամներս գաղթեցին: Երկար տարիներ մայրս հոգ տարաւ հօրս, ես ալ իմ կարգիս պէտք է իրենց մօտ մնայի, աշխատէի, որպէսզի կարենայինք մեր ընտանիքի  ապրուստը հոգալ:

Մեր մնալու պատճառներէն մէկն ալ այն էր, որ մենք 6 տարի առաջ, նախքան պատերազմը սկսիլը, փոքր խանութ-ճաշարան մը բացած էինք, սակայն 7 ամիս աշխատելէ ետք, պատերազմը վրայ հասաւ եւ ստիպուած փակեցինք։ Մեր մէջ սակայն  միշտ յոյս մը կար, որ պատերազմը պիտի դադրի եւ մենք կրկին մեր հիմնած ճաշարանը պիտի վերադառնանք եւ մեր սկսած գործը պիտի շարունակենք: Թէկուզ ժամանակը շատ երկարեցաւ, բայց Աստուծոյ օգնութեամբ կրցանք տոկալ եւ համբերել:

 

-Գիտենք նաեւ,  որ հիմա վերադարձած էք ձեր հիմնած ճաշարանի գործին: Կը պատմէք, ինչպէս եղաւ, որ մտածեցիք այդ գործը սկսիլ:

Ճաշարանի գործը սկսելու մտադրութիւնը նախապատմութիւն ունի: Հայրս, որ խանութի տէր էր եւ իր գործը ունէր, հիւանդութենէն 15 տարի առաջ արդէն, ստիպուած եղաւ իր ունեցած խանութը ծախել, որովհետեւ մեծ քոյրս ինքնաշարժի շատ ծանր արկած մը անցուց եւ այս արկածը մեր ընտանիքին համար անկիւնադարձային եղաւ: Հայրս  քրոջս  կեանքը փրկելու համար իր   կերտած 60 տարուան խանութը ծախեց, որմէ ետք չկրցաւ ուրիշ խանութ մը առնել եւ անգործ դարձաւ: Այդ մէկը պատճառ դարձաւ, որ մայրս գործի մը մասին մտածէ, եւ որովհետեւ խոհանոցէն ներս   մեծ ձիրք ունէր  եւ տաղանդաւոր կին  էր, իր բարեկամներու քաջալերանքով սկսաւ տունը խմորեղէններ պատրաստել եւ վաճարել: Ասի պատճառ մը եղաւ, որ մենք քաջալերուինք, որ ապագային տեղ մը առնենք եւ 2012-ին գործընկերութեամբ տեղ մը վերցուցինք եւ սկսանք աշխատիլ:

 

Այդ «Գառնի» ճաշարանը մեր միակ ապրուստի միջոցը պիտի ըլլար, որ մենք կարենայինք մեր եկամուտը ապահովել, սակայն ինչպէս ըսի, վրայ հասաւ հօրս հիւանդութիւնը եւ պատերազմը, ճաշարանն ալ, որ Նոր Գիւղի մէջ կը գտնուէր, փակուեցաւ։  Այլեւս անիմաստ էր   ճաշարանը  բաց պահելը, ժողովուրդը սկսած էր գաղթել եւ Նոր Գիւղը դարձած էր  սարսափ  առթող շրջան  մը, փողոցները լքուած, պարպուած, մենք ալ  փակեցինք ամէն ինչ, եւ հեռացանք: Այսօր 6 տարի ետք, մեծ յոյսերով դարձեալ վերաբացինք  մեր   ճաշարանը։

 

-Ինչպէս քիչ առաջ ըսիք, այսօր Հալէպի մէջ գլխաւոր խնդիրը նիւթական, տնտեսական տագնապն է: Ի՞նչ կը կարծէք, Հալէպը պիտի կարենայ վերագտնել իր անցեալի օրերը:

Չենք գիտեր գալիք օրերը ինչ կը պահեն մեզի, յոյսով ենք, որ լաւ պիտի ըլլայ: Արդէն եթէ այս յոյսը չըլլար մեր մէջ, անկարելի է որ այդ պայմաններուն մէջ գոյատեւէինք: Հիմա, ինչպէս ըսի, շուարած վիճակ մը կայ, մարդիկ չեն գիտեր Հալէպ մնալը ճիշդ է, թէ հեռանալը: Իմ կարծիքով, եթէ բոլորը երթան եւ Հալէպը հայութենէ պարպուի, այն ատեն յոյս չի մնար, բայց եթէ հալէպահայութեան մեծամասնութիւնը որոշէ մնալ եւ Հալէպը վերակառուցել, այն ատեն աւելի յուսալի ապագայ մը խոստանայ մեզի։ Այսինքն  մէկը միւսին նայելով կը քաջալերուի  իր գործը   զարգացնելու կը նայի։ Օրինակ  նիւթական կարողութեան տէր մարդիկ փոխանակ դուրս երթալու  եւ    այդ  վայրերուն մէջ  նոր  գործեր  հիմնելու եթէ  Հալէպ վերադառնան     մեր քաղաքին մէջ  նոր աշխուժութիւն   կը ստեղծեն։ Ամէն պարագայի  համոզուած եմ, որ Հալէպը կարճ ժամանակի մէջ իր անցեալի փառքը    պիտի  վերագտնէ: Ժամանակի կը  կարօտի այս մէկը, ձեռք ձեռքի տալով շատ բան կրնանք ընել, մանաւանդ, որ հայը ճանչցուած է իր հմտութեամբ  եւ ստեղծագործութեամբ:

 

 

-Հայութեան մտադրութիւնը ի՞նչ է, ի՞նչ կը լսէք, ինչ տեղեկութիւններ ունիք: Հայութիւնը կը պատրաստո՞ւի Հալէպէն հեռանալ։

Ես անձամբ, ինչ որ կը նկատեմ, այսքան գաղթի հետ մէկտեղ, կը զգանք, որ Հալէպը հայութենէ չէ պարպուած։ Օրինակ մը տալու համար ըսեմ, որ երբ կիրակի օրերը եկեղեցի կ'երթանք, կը տեսնենք եկեղեցին լեցուն է հաւատացեալ ժողովուրդով, կը տեսնենք այդ հոծ բազմութիւնը, ատիկա մեզի համար սրտի մեծ խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն կը պատճառէ:

Կը խորհիմ, որ ժողովուրդին  մէջ, այո, դեռ գաղթել ուզողներ  կան, բայց վերադարձողներուն թիւն ալ շատ է։ Անոնք որ  Լիբանան կամ Հայաստան գաղթեցին եւ այսքան ժամանակ չկրցան իրենց գործերը, ապրուստը դասաւորել եւ  յուսալքուած են  անպայման ետ  Հալէպ կը  դառնան։