image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող ՀՀ պատասխանատուներ հանդիպած են ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչին հետ

Հալէպի մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող ՀՀ պատասխանատուներ հանդիպած են ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչին հետ

Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ ՀՀ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող անձնակազմը նախատեսուած ծրագրի համաձայն կը շարունակէ իր գործունէութիւնը: Հալէպի մէջ ՀՀ հիւպատոսարանէն ներս 2 ապրիլին տեղի ունեցած է հանդիպում Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու համակարգման գրասենեակի (UN OCHA) Հալէպի տարածաշրջանային ղեկավար Մուհամատ Ճեսի հետ, որուն մասնակցած է նաեւ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեանը:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն Մարդասիրական Ականազերծման եւ Փորձագիտական Կեդրոն ՊՈԱԿ-ի ֆէյսպուքեան էջէն, հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականցանող հայ մասնագէտներու եւ UN OCHA տարածաշրջանային գործողութիւններու յետագայ քայլերը, ինչպէս նաեւ Հալէպի հայ համայնքի հետ համագործակցութեան հարցը:

Այս կառոյցի հետ գործակցութիւնը չափազանց կարեւոր է մարդասիրական առաքելութեան համար: Սակրաւորային խումբը 2 ապրիլին իրականացուցած է «Ականորսիչ սարքի արհեստագիտական բնութագրի, ականազերծման տեղամասի նշագրման անհրաժեշտութիւնը եւ նշանակութիւնը» թեմայով դասընթացք:

Բժշկական անձնակազմը իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ Հալէպի տարբեր հիւանդանոցներու մէջ, կ'իրականացնեն հետազօտութիւններ, կը կատարեն վիրահատութիւններ: Մէկ բժիշկ ընդգրկուած է մարդասիրական ականազերծում կատարող խումբի կազմին մէջ՝ սակրաւորներու բուժապահովումը, ինչպէս նաեւ առաջին բուժօգնութեան դասընթացները կազմակերպելու նպատակով: