Պէյրութի հանրայայտ «ԳՈՀԱՐ» գրադարանի յանձնախումբի անդամներէն Կարօ Տէրունեան պատասխանեց «Արեւելք»ի հարցումներուն։ Յիշեցնենք, որ Տէրունեան Հալէպ կը գտնուէր «ԳՈՀԱՐ»-ի մեծ ընտանիքին նախաձեռնութեամբ։
Կարօ Տէրունեան հետազօտող է հայ որբաշխարհի պատմութեան եւ անոր առընչուած փաստաթուղթերու, նկարներու եւ պատմական իրողութիւններու, միաժամանակ անդամ Լիբանանի մէջ գործող «ԳՈՀԱՐ» Երաժշտական Մասնագիտական Գրադարանի Յանձնախումբին.
-Ի՞նչ առաքելութեամբ մեկնած էիք Սուրիա:
«ԳՈՀԱՐ» Գրադարանը յաճախ ճամբորդութիւններ կը կատարէ աշխարհով մէկ սփռուած զանազան հայկական գաղութներ, հայկական երգարաններ, բառարաններ, Ցեղասպանութենէն վերապրողներու յուշագրութիւններ եւ Կիլիկիոյ պատմական գիրքեր հաւաքելու առաքելութեամբ: Յատկապէս, վերջին քսան-երեսուն տարիներուն ընդհանրական երեւոյթ դարձած է հայերէն գիրքերէն ձերբազատուելու գաղափարը եւ անոր վերջին կայարանը կ'ըլլայ անոր փճացումը աղբակոյտի մէջ նետուելով: «ԳՈՀԱՐ» Գրադարանը կը գնէ իր մասնագիտութեան համընկնող այն բոլոր գիրքերը, զանոնք ամբողջական ձեւով նորոգելէ ետք «ԳՈՀԱՐ» Գրադարանի Կազմատան մէջ, նորոգուած ու գործածելի վիճակի դարձնելով զայն կը զետեղէ «ԳՈՀԱՐ» Գրադարանին մէջ, հասանելի դարձնելու հետաքրքրուող հայ հանրոյթին: Այս է «ԳՈՀԱՐ» Գրադարանի առաքելութիւններէն մէկը, որուն գլխաւոր նպատակը հայ երգի եւ երաժշտութեան գիծով Հայ Լեզուի պահպանումն է:
Կ'ուզեմ հակիրճ տեղեկութիւն մը տալ «ԳՈՀԱՐ» Գրադարանի մասին:
«ԳՈՀԱՐ» Գրադարանը Պէյրութի մէջ գտնուող երաժշտական մասնագիտական գրադարան մըն է, որ կը պարունակէ աւելի քան 2.100 հայերէն երգարաններ եւ 500-է աւելի հայերէն եւ հայերէնէ այլ լեզուներով բառարաններ, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ Թագաւորութեան, Ցեղասպանութեան վաւերագրեր եւ ականատեսներու յուշագրութիւններ եւ մանրանկարչութեան վերաբերեալ աւելի քան 500 գիրքեր: Գրադարանը նաեւ կը պարփակէ աւելի քան 1,200 հայկական երաժշտական ձայնապնակներ (LP), 550 հայկական ձայներիզներ (Cassettes), 1,500 հայկական խտասկաւառակներ (CD) եւ 300 հայկական տեսասկաւառակներ (DVD): Գրադարանը բաց է հայ հանրոյթին առջեւ եւ անհատոյց:
-Պատերազմի աւարտէն ետք Հալէպ Ձեր առաջի՞ն այցն էր:
«ԳՈՀԱՐ» Գրադարանի Անձնակազմէն երեք անդամներով Հալէպ գտնուեցանք՝ Փետրուար 22-25, 2019-ին: Այս, ԳՈՀԱՐ Գրադարանի առաջին այցելութիւնն էր. նախապէս այս առաքելութեամբ Հալէպ չենք եղած:

-Ինչպէ՞ս տեսաք երազային Հալէպը:
Երազային Հալէպը փլատակ, կիսաքանդ, պատերազմին հետեւանքով եղած վնասները ակնյայտ են ամենուրէք, սակայն զուգահեռ կեանքը կը շարունակուի ապագայի յոյսերով:

-Ի՞նչ տրամադրութիւններ կ'իշխեն հալէպահայութեան մօտ:
Մեզի փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, արդէն բաւական նուազած է հայերու թիւը: Մինչ նախքան պատերազմ, հայութեան թիւը 50-60 հազար հայ կ'ապրէր, այսօր կ'ըսուի թէ նուազ քան տասը հազար հայ կայ Հալէպ: Գաղութը յատկպէս պարպուած է երիտասարդութենէ, իսկ մնացածին մեծ մասն ալ, ըստ մեզի փոխանցուած տեղեկութիւններուն, կը մտածեն հեռանալ:
Սակայն այս բոլորով մէկտեղ զգալի աշխոյժ եւ եռանդուն է հայկական կեանքը:
Հայկական դպրոցները կը գործեն: Զանազան դպրոցներ միացած են իրար՝ աշակերտութեան թիւը նուազած ըլլալուն համար: Ակումբները, մշակութային կեդրոնները, հակառակ իշխող դժուարին առօրեայ պայմաններուն, ըլլայ նիւթական կամ տնտեսական, սակայն նոյն եռանդով կը շարունակեն գոյատեւել:

-Այցելութիւններ կատարած էիք մշակութային կեդրոններ, ինչպէ՞ս տեսաք
անոնց գործունէութիւնը:
Քանի մը կեդրոններ այցելեցինք, ինչ որ տեսանք եւ ինչ որ փոխանցեցին մեզի, այն է թէ, Հայկական կեդրոնները եւ Մշակութային տուները միշտ լայն բացած են իրենց դռները եւ զանազան ձեռնարկներով, միջոցառումներով կը փորձեն մնացած հայերն իրար քով բերել եւ ազգային նոյն բարձր տրամադրութեամ եւ գիտակցութեամբ աշխոյժ աշխատանք տանիլ: Հայկական Ոգին ողջ է Երազային Հալէպին մէջ:

-Իրենց տուներէն հեռացած հալէպահայերը կը վերադառնա՞ն
կա՞ր նման միտում:
Մենք Լիբանանահայեր ենք եւ մեր այցելութիւնը ընդհանուր երեք օրերու համար էր եւ բաւական կարճ է ժամանակը հալէպահայու կեանքին մէջ թափանցելու համար, բայց ինչ որ տեսանք, հալէպահայութիւնը բաւական դժուարութիւններու դէմ հանդիման է, օրինակ տնտեսական՝ սղութիւն, անգործութիւն: Հսկայական վնասներ կրած է ժողովուրդը եւ ըստ տուեալներուն վերականգնումը կարճ ժամանակահատուածի մէջ կարելի չէ իրագործել: Վերադարձողներու մասին ալ խօսքեր չլսեցինք:

-Վտանգ կը զգայի՞ք հոն եղած ժամանակ:
Ինչպէս յիշած էի մեր այցելութիւնը երեք օրեր էին միայն եւ այդ ժամանակամիջոցին մէջ յատուկ վտանգ մը չզգացինք: Ընդհակառակը մենք մեզ լաւ եւ կայուն պայմաններու մէջ զգացինք, հայկական մթնոլորտով պարուրուած:
