image

Հիմա ալ Պայրամով. «Պէտք է նայիլ ապագային»

Հիմա ալ Պայրամով. «Պէտք է նայիլ ապագային»

 

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը թրքական TRT World հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտարարած է, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար բացառիկ հնարաւորութիւն ստեղծուած է։
«Մենք պէտք է կեդրոնանանք իրականութեան վրայ, իսկ իրականութիւնը այն է, որ անկախութենէն ի վեր առաջին անգամ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բացառիկ հնարաւորութիւն ստեղծուած է։ Ինչո՞ւ կ'ըսեմ առաջին անգամ, քանի որ «բռնագրաւման» (չակերտները` խմբ.) փաստը այլեւս գոյութիւն չունի։

Կայ մօտ 30 տարուան թշնամանք, բռնատիրութիւն, կորուստներ եւ պատերազմի հետեւանքներ։ Բայց մենք կը կարծենք՝ պէտք է նայիլ ապագային: Գիտէք, այդ հեշտ չէ մեզի համար, քանի որ յիշողութիւնը կը կենդանացնէ այն ամէնը, որ տեղի ունեցած է: Սակայն Ատրպէյճանի նախագահը ընդգծած է յարաբերութիւններու կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։ Ատրպէյճանը պատրաստ է Հայաստանի հետ աշխատելու խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման ուղղութեամբ։ Մենք հանդէս կու գանք այդ առաջարկով։ Հայաստանէն կ'ակնկալենք քաղաքական կամք եւ իրական քայլեր»,- յայտարարած է Պայրամովը։