image

Հալէպահայ լուսանկարիչ Ճորճ Ուրֆալեան «Արեւելք»ին պատմեց շաբաթ օրուան քիմիական յարձակման մասին (Լուսանկարներ)

Հալէպահայ լուսանկարիչ Ճորճ Ուրֆալեան «Արեւելք»ին պատմեց շաբաթ օրուան քիմիական յարձակման մասին (Լուսանկարներ)

Շաբաթ գիշեր Հալէպի մէջ  տեղի ունեցած  քիմիական յարձակուման մասին «Արեւելք» կարճ զրոյց մը ունեցաւ հալէպահայ լուսանկարիչ-լրագրող Ճորճ Ուրֆալեանին  հետ, որ աշխատանքի բերումով հասած էր հրթիռակոծման վայր եւ լուսանակրներ առած էր:

Մեր զրուցակիցի փոխանցմամբ, զինեալներ «քլոր» կազ պարունակող քանի մը հրթիռներ նետած են Հալպէի տարբեր շրջաններուն վրայ:

«Այն քաղաքացիները,  որոնք շնչեցին այդ կազը, սկսան շնչահեղձ ըլլալ, գլխապտոյտ ունենալ եւ հաւասրակշռութիւննին կորսնցնել: Բոլորը հիւանդանոց տեղափոխուեցան, ուր անոնց սերոմ միացուեցաւ եւ թթուածին ներարկուեցաւ»,- կ'ըսէ Ուրֆալեան, յայտնելով, որ ամէնէն շատ հրթիռակոծուած շրջանները եղած են Խալտիյէն եւ «Շարէհ Ալ-Նիլ»ը, ուր 100 մարդէ աւելի վիրաւորուած է: