Շաբաթ գիշեր Հալէպի մէջ տեղի ունեցած քիմիական յարձակուման մասին «Արեւելք» կարճ զրոյց մը ունեցաւ հալէպահայ լուսանկարիչ-լրագրող Ճորճ Ուրֆալեանին հետ, որ աշխատանքի բերումով հասած էր հրթիռակոծման վայր եւ լուսանակրներ առած էր:
Մեր զրուցակիցի փոխանցմամբ, զինեալներ «քլոր» կազ պարունակող քանի մը հրթիռներ նետած են Հալպէի տարբեր շրջաններուն վրայ:
«Այն քաղաքացիները, որոնք շնչեցին այդ կազը, սկսան շնչահեղձ ըլլալ, գլխապտոյտ ունենալ եւ հաւասրակշռութիւննին կորսնցնել: Բոլորը հիւանդանոց տեղափոխուեցան, ուր անոնց սերոմ միացուեցաւ եւ թթուածին ներարկուեցաւ»,- կ'ըսէ Ուրֆալեան, յայտնելով, որ ամէնէն շատ հրթիռակոծուած շրջանները եղած են Խալտիյէն եւ «Շարէհ Ալ-Նիլ»ը, ուր 100 մարդէ աւելի վիրաւորուած է:
![]()
![]()
![]()
![]()
![]()