image

Հակառակորդը շարունակած է խախտել հրադադարը՝ սահմանին բոլոր ուղղութիւններով

Հակառակորդը շարունակած է խախտել հրադադարը՝ սահմանին բոլոր ուղղութիւններով

Անցեալ գիշեր Ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանին գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով՝ հակառակորդը շարունակած է խախտել հրադադարը: Առաւել շատ խախտումներ արձանագրուած են առաջնագիծի արեւելեան հատուածին վրայ, ուր, բացի տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ (շուրջ 1400 կրակոց)՝ հակառակորդը կիրառած է նաեւ ականանետեր (9 արկ) եւ հաստոցաւոր ինքնաշխատ նռնականետ (1 արկ): Ընդհանուր առմամբ, նշուած ժամանակահատուածին, ազրպէյճանական կողմը հրադադարը խախտած է մօտ 125 անգամ` հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 2000 կրակոց: Հրադադարի խախտման իբրեւ արդիւնք՝ հայկական կողմը կորուստ չէ ունեցած:

Ինչ կը վերաբերի երէկ երեկոյեան ազրպէյճանական որոշ լրատուամիջոցներու կողմէ տարածուած այն լուրերուն, թէ իբր Ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղի ունեցած բախումներուն իբրեւ արդիւնք՝ հայկական կողմը տուած է 1 զոհ եւ 9 վիրաւոր, պարզապէս հերթական ապատեղեկատւութիւն է: