Անցած գիշեր ղարաբաղեան սահմանին վրայ հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 20 անգամ՝ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 130 կրակոց:
Բացի հրադադարի ռեժիմի խախտումներէն, ինչպէս արդէն աւելի շուտ հաղորդած էինք, շփման գիծի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական յատուկ ջոկատայինները ձեռնարկած են յարձակողական ներթափանցման փորձ, որ ՊԲ առաջապահ ուժերու կողմէ ժամանակին կանխուած է:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն լիակատար վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագիծին վրայ: