image
Հրատապ լուրեր:

Հակահայ Հալաջօղլու Չկարողացաւ Խորհրդարանի Խօսնակ Ընտրուիլ

Հակահայ  Հալաջօղլու      Չկարողացաւ  Խորհրդարանի Խօսնակ Ընտրուիլ

 Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ», «Արեւելք»)   1 Նոյեմբերին    ձեւաւորուած Թուրքիոյ     «Միլլի Մէճլիս»ը այսօր ընտրած է իր  խօսնակը: Այս  մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ  թրքական «Տէյլի Սապահ»ը, որ նաեւ կը յայտնէ, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանի  խօսնակ ընտրուած է   իշխող AKP կուսակցութեան կողմէ     առաջադրուած  Իսմայիլ Քահրամանը: Նշենք, որ Քահրամանի կողքին  ընտրութեանց իրենց թեկնածութիւնը դրած  Այշէ Կիւլսին  Պէլկէհան (CHP),  Տէնկիր  Միր  Ֆիրաթ (HDP) եւ   Եուսէֆ Հալաճօղլու(MHP): Հակահայ կեցուածքներով  յայտնի Հալաջօղլու  ստացած է  ամէնէն նուազ քուէները  (550-ի վրայ   40  քուէ): Ան             Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ     ընտրուած  է 2011    թուականին:  Լուսանկարին մէջ ՝  Իսմայիլ Քահրաման: