Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ», «Արեւելք») 1 Նոյեմբերին ձեւաւորուած Թուրքիոյ «Միլլի Մէճլիս»ը այսօր ընտրած է իր խօսնակը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ թրքական «Տէյլի Սապահ»ը, որ նաեւ կը յայտնէ, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանի խօսնակ ընտրուած է իշխող AKP կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած Իսմայիլ Քահրամանը: Նշենք, որ Քահրամանի կողքին ընտրութեանց իրենց թեկնածութիւնը դրած Այշէ Կիւլսին Պէլկէհան (CHP), Տէնկիր Միր Ֆիրաթ (HDP) եւ Եուսէֆ Հալաճօղլու(MHP): Հակահայ կեցուածքներով յայտնի Հալաջօղլու ստացած է ամէնէն նուազ քուէները (550-ի վրայ 40 քուէ): Ան Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ ընտրուած է 2011 թուականին: Լուսանկարին մէջ ՝ Իսմայիլ Քահրաման: