Ամերիկեան «Fox News» լրատուական կայանը լուր մը հրապարակած է, թէ ըստ հետախուզական աղբիւրներու, Իրան յատուկ օդային ռազմական ճանապարհով զէնքեր կ՛ուղարկէ Լիբանանի մէջ գործող «Հըզպալլա»ին:
Մանրամասներուն անդրադառնալով, աղբիւրը յայտնած է, թէ զէնքերը Իրանէն Պէյրութ կը հասնին Թեհրանի մէջ գործող քաղաքացիական օդագնացութեան ընկերութեան մը միջոցով, որուն թռիչքները հետապնդելով նկատուած է, թէ վերջինս անցնող երկու ամիսներու ընթացքին երկու արտահերթ թռիչք իրականացուցած է:
Նշուած թռիչքներէն առաջինը մեկնարկած է Թեհրանի ռազմական օդակայանէն 9 յուլիսին, ուղեւորուելով դէպի Դամասկոս, ուր վայրէջք կատարելէ ետք երկրորդ թռիչքով հասած է Պէյրութի միջազգային օդակայան:
Աղբիւրին հաւաստմամբ, Իրանէն Պէյրութ ուղեւորուած երկու օդանաւերը տեղափոխած են այնպիսի ռազմամթերք, որոնք «Հըզպալլա»ի կողմէ պիտի օգտագործուին զէնքեր արտադրելու համար: