image
Հրատապ լուրեր:

Երէկ ամբողջ Հալէպը հոսանքազրկուած էր

Երէկ ամբողջ Հալէպը հոսանքազրկուած էր

Իսրայէլեան հարուածէն անմիջապէս ետք, Հալէպ քաղաքը երէկ ամբողջութեամբ յայտնուած էր մութի մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ AFP լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Հալէպի օդակայանի, ինչպէս նաեւ Շէյխ Նաճճար ճարտարարուեստական շրջանին վրայ իսրայէլեան օդուժի կատարած հրթիռարձակումներէն ետք, քաղաքը ամբողջութեամբ յայտնուած էր մութի մէջ:

«Արեւելք»  այս առումով կապ հաստատեց Հալէպի իր աղբիւրներուն հետ: Մեր աղբիւրը այս առումով յայտնեց, որ հոսանքազրկումէն ժամեր ետք, Հալէպի իրավիճակը դարձեալ վերականգնուած է եւ այս առաւօտ ամէն բան բնականոն հունի մէջ է:

Յիշեցնենք, որ հրթիռարձակումներու հետեւանքով զոհեր կամ վիրաւորներ չեն գրանցուած եւ վնասները բացառապէս նիւթական են: