image
Հրատապ լուրեր:

Էրէբունիի խնդրով վերջին զարգացումները (Համառօտ)

Էրէբունիի  խնդրով  վերջին  զարգացումները (Համառօտ)

 Մինչ  խօսակցութիւններ շրջան կ'ընեն  ԼՂՀ  Ազգային Ժողովի անդամ Վիտալի  Պալասանեանի  միջնորդութեան  նպատակով   Երեւան ժամանման   մասին, մէկէ աւելի քաղաքական գործիչներ       գնահատականներ տալով ընդհանուր իրավիճակին կը յայտնեն, իրենց մտավախութիւնները  Էրէբունիի ՊՊԾ զօրակայանի  խնդիրը ուժային  միջոցնեով լուծելու   վերաբերեալ: Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ   ՀՀ քննչական   վարչութիւնը յայտարարած էր       տասնեակ անձերու    ձերբակալման  եւ քրէական  գործի  յարուցման մասին:   Նշենք, որ այսօր Էրէբունիի տարածք այցելած է   «Համախմբում» կուսակցութեան    նախագահ Վարդան Օսկանեան, որ խօսելով լրագրողներուն   հետ կարեւոր համարած է  ամէն գնով բանակցիլ   «Սասնայ ծռեր»  խումբի տղոց հետ: Օսկանեան նաեւ  կոչ  ըրաւ իշխանութիւններուն յաւելեալ ճիգ ընել լուծելու համար այս խնդիրը  նկատել տալով, որ  ինք պատրաստ է     խնդրի լուծման համար   կազմուելիք որեւէ յանձնաժողովի  անդամ դառնալ:  Իր կարգին  «Քաղաքացիական պայմանագիր»  կուսակցութեան   պատասխանատուներէն ՝ Նիկոլ Փաշինեան   մամլոյ ասուլիս մը տալով   խօսեցաւ    տագնապի սրութեան մասին եւ մտահոգութիւն յայտնեց, որ      ուժային  միջոցներով հարցի լուծումի սցենարը   առկայ եւ այդ մէկը խորապէս կը մտահոգէ զինք:  Իր կարգին  «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան անդամ Անահիտ Բախշեան,  որ նոյնպէս Էրէբունիի   տարածք  այցելեց   կոչ ուղղեց    զինեալ տղոց եւ յատկապէս Պաւլիկ Մանուկեանի      բանակցութիւններու ճանապարհով   վար դնել իրենց  զէնքերը: Նշենք, որ այս պահուն  հանգիստ իրավիճակ կը տիրէ Էրէբունի  ՊՊԾ գունդի զօրակայանին շուրջ եւ ոստիկանութիւնը կը հսկէ ընդհանուր իրավիճակին: