image

«Դամասկոսը, ինչպէս ամբողջ Սուրիան, յայտնուած է անարդար պաշարման մէջ» Դամասկահայ գործիչ Սարգիս Պուռունսուզեան

«Դամասկոսը, ինչպէս ամբողջ Սուրիան, յայտնուած է անարդար պաշարման մէջ» Դամասկահայ գործիչ Սարգիս Պուռունսուզեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ դամասկահայ գործիչ Սարգիս Պուռունսուզեան:


-Ներկայիս ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ Դամասկոսի մէջ:

Բաղդատելով անցեալ տարիներուն, ներկայիս  Դամասկոսի ընդհանուր վիճակը լաւ է: Շնորհիւ սուրիական բանակին, Դամասկոսի մէջ որեւէ ապահովական խնդիր չկայ,   բան մը, որ  վերջին 5-6 տարիներուն   մեր ամենամեծ մտահոգոթիւնն էր, ուրիշ լուրջ հարցեր եւս կային ծառացած Դամասկոսի ժողովուրդին առջեւ, ինչպէս՝ ելեկտրականութեան, ջուրի պակասը եւ վերջին շրջանի տագնապը՝ վառելանիւթի հարցը, որոնք յարաբերաբար լուծուած են, ելեկտրականութիւնը գրեթէ 24 ժամ ապահովուած է, եւ վառելանիւթը որոշ չափով ապահոված է: Ներկայիս  ամենամեծ հարցը տնտեսական տագնապն է : Դամասկոսի ժողովուրդը, ինպէս ամբողջ Սուրիոյ ժողովուրդը, շատ մը տնտեսական հարցերէ կը տառապի,  բան մը, անմիջական արդիւնքն է այդ անարդար պաշարումին, որուն ենթարկուած է Սուրիան, նամանաւանդ Ամերիկայի կողմէ: Այսօր այդ տնտեսական ճնշումի եւ պաշարման գինը կը վճարէ Դամասկոսի եւ  Սուրիոյ  ամբողջ ժողովուրդը:

 

-Ի՞նչ է քաղաքին ընդհանուր մթնոլորտը, ի՞նչ են ընդհանուր խնդրիները, դժուարութիւնները եւ տագնապները:

   Մայրաքաղաքի կեդրոնական  հատուածները  ապահով  վիճակի  մը մէջ են, սակայն  բացի  այդ մօտակայ՝ արեւմտեան եւ արեւելեան արուարձաններուն մէջ անցնող տարիներուն կը գտնուէին մեծ թիւով ահաբեկչական խմբաւորումներ եւ իբրեւ արդիւնք անոնց դէմ տարուած ռազմական գործողութիւններուն, այդ շրջանները այսօր գրեթէ ամէն ինչէ զրկուած են, բոլոր երնթակառոյցները քանդուած: Հետեւաբար, այդ արուարձաններու բնակչութեան մեծ մասը այսօր Դամասկոս ապաստանած է, ինչպէս նաեւ այլ նահանգներէ՝ Տարհայէն, Քունայթրայէն, նոյնիսկ Տէր Զօրի արեւելեան շրջաններէն մարդիկ եկած եւ կայք հաստատած են Դամասկոսի մէջ,  բան մը, որ պատճառ դարձած է քաղաքի մէջ սուր սղաճի, խիտ բնակչութեան, խճողումի, բնակարաններու վարձքի բարձրացման եւայլն: Սակայն  շնորհիւ  առկայ խաղաղ  իրավիճակին այդ գիւղաքաղաքներու բնակչութեան մէկ մասը արդէն սկսած է տուն  դառնալ, վերադառնալ իրենց գիւղերը եւ այս առնչութեամբ  կառավարութիւնը բոլոր միջոցները կ'ապահովէ, որպէսզի այդ մարդիկը վերադառնան իրենց տուները, իսկ տեղական իշխանութիւնները բոլոր միջոցներով կը փորձեն ժողովուրդին  օգնել, որպէսզի վերաշինեն իրենց շրջանները, եւ այս ուղղութեամբ մեծ  նախաձեռնութիւններ  կան այդ շրջաններու վերաշինութեան  համար:

-Կ'ըսեն, որ Սուրիան հասած է պատերազմի վերջին արարին, ինչքանո՞վ ճիշդ է այս մօտեցումը եւ դուք ի՞նչ կը մտածէք այս առումով:

 Ճիշդ եթէ կ՚ուզէք ես քիչ մը վերապահ եմ այս մտքին  հետ, թէ՝ սա պատերազմի վերջին արարն է: Յարաբերաբար կրնանք ըսել, որ հասած  ենք  վերջին արարին,  սակայն պէտք չէ մոռնանք,  որ երկու շատ լուրջ հարցեր կան, որոնք դեռ չեն լուծուած: Առաջինը, Իտլիպ նահանգի հարցն է, ուր մեծ թիւով ահաբեկչական խմբաւորումներ կեդրոնացած են եւ ամենավտանգաւորներէն համարուող՝  «Ալ-Նուսրա» խմբաւորումը, որ նոյնիսկ Ամերիկայի եւ ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուած է իբրեւ ահաբեկչական խմբաւորում: Այսինքն, այդ շրջանը  ահաբեկիչներէն մաքրելը սուրիական բանակի ներկայիս առաջին առաքելութիւն է եւ հիմնական թիրախը։ Մտահան  պիտի չընել, նաեւ, որ  անոնց թիկունքին կանգնած է թրքական պետութիւն, որ արգելք կ'ըլլայ սուրիական բանակին, որպէսզի յառաջանայ Իտլիպի մէջ: Այսօր եթէ թրքական միջամտութիւնը չըլլայ, ի նպաստ «Նուսրա»ի,  ապա սուրիական բանակը, դիւրութեամբ կրնայ իր այդ նպատակին հասնիլ: Երկրորդ կարեւոր խնդիրը Սուրիոյ հիւսիս արեւելեան շրջաններուն մէջ է, ուր ամերիկեան բանակը ուղղակի կը միջամտէ եւ կը գործակցի քրտական ջոկատներուն հետ: Այս երկու հիմնական հարցերը շատ լուրջ խնդիրներ են եւ Սուրիան այս երկու շրջանները ազատագրելու համար, շատ մեծ ռազմական կարելիութիւններու պէտք ունի: Ես չեմ ըսեր, որ ան չունի այդ կարելիութիւնը, բայց, ինչպէս գիտենք, որեւէ զինուորական գործողութիւն  այսօր  կարիք  ունի շրջանային եւ միջազգային ուժերու քաղաքական որոշ յենարանի մը: Ուստի, սուրիական կառավարութիւնը այսօր ամէն ձեւով, թէ՛ զինուորական, եւ թէ քաղաքականօրէն կը փորձէ այս երկու թիրախներուն  հասնելու համար պէտք եղած մթնոլորտը ստեղծել:

Դարձեալ կ'ըսեմ, ես քիչ մը վերապահ եմ ըսելու, որ պատերազմը արդէն   աւարտած  է, մանաւանդ որ, նոյնիսկ այս նշած երկու հարցերուն  լուծումէն ետք ալ, կայ սուրիական հարցի քաղաքական լուծման խնդիրը, բան մը,  որ դեռ ժամանակի կը կարօտի:

 

-Ինչպէս ըսիք, Սուրիական բանակը մտադիր է Իտլիպը գրաւել եւ այդպիսով վերջ տալ ահաբեկիչներու գոյութեան, արդեօք այդ մէկը իրականութեան կը դառնա՞յ յառաջիկայ օրերուն:

Իտլիպի շրջանը մաքրագործելը, ինչպէս արդէն ըսի, իմ կարծիքով, միայն զինուորական կարելիութիւններէ կախեալ չէ, այլ այդտեղ որոշ քաղաքական ծրագիր մը կամ առաքելութիւն մը պէտք է իրագործուի: Այդ առնչութեամբ երեք միջազգային եւ շրջանային ուժեր են, որ համագործակցաբար պիտի կարենան այդ գործողութեան ընդհանուր քաղաքական յենարանը ստեղծել,  անոնք են՝ Ռուսաստանը, Իրանը եւ Սուրիոյ կառավարութիւնը: Այս առումով, Ռուսաստանը  եւ   Իրանը որոշ ճնշումներ պէտք է բանեցնեն Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի դադրեցնէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն օժանդակութիւն մատակարարելը եւ « Ալ –Նուսրա»ի հետ գործակցիլը, որպէսզի կարելի ըլլայ  Իտլիպը  ազատագրումը  իրականացնելը։

 

  -Այսօր ի՞նչ են հայութեան խնդիրները Դամասկոսի մէջ: Ի՞նչ իրավիճակի մէջ է համայնքի, ի՞նչ դժուարութիւններ ունի հայութիւնը:

Դամասկոսահայութիւնը, որպէս լիիրաւ  համայնք, կը տառապի նոյն այն խնդիրներէն,  որմէ   կը տառապի Դամասկոսի  ամբողջ  ժողովուրդը: Այսինքն, տնտեսական հարցերն են, որ մեր հայութեան որոշ մտահոգութիւն կը պատճառեն, ինչպէս նաեւ սղաճը, բնակարաններու սուղ վարձքերու հարցը  եւ այլ  խնդիրներ։     Որպէս հայութիւն, մենք կ'ապրինք  մեր  խաղաղ կեանքը, համահաւասարապէս, Դամասկոսի բնակչութեան  միւս  բոլոր  բաղադրիչներուն հետ. Հայերը հիմնական բաղադրիչ մըն են, կը վայելեն այն ամէնը, ինչ որ կը վայելեն դամասկոսցիները եւ կը տառապին այն ամէնէն, ինչէն որ կը տառապին միւսները: Մասնայատուկ հարց մը չկայ դամասկոսահայուն համար:

 

-Գիտենք, որ պատերազմի հետեւանքով մեծ թիւով դամասկահայեր ստիպուած եղան հեռանալ իրենց ծննդավայրէն, իրենց քաղաքէն: Այսօր պատերազմի վերջին փուլին, արդեօք յոյս կա՞յ որ անոնք վերադառնան Դամասկոս:

Մեծ յոյսեր ունիմ, որ Դամասկոսահայերը դարձեալ իրենց ծննդավայրը կը  դառնան, իրենց տուները կը  դառնան: Պէտք չէ մոռնանք, որ դամասկոսահայութեան գրեթէ մեծ տոկոսը, որոնք ստիպուեցան գաղթել երկրէն, իրենց անշարժ գոյքերը չեն ծախած, դեռ հոս են: Յուսամ, թէ օր մը ետ տունդարձ մը ըլլայ դէպի Դամասկոս եւ դամասկոսահայութիւնը դարձեալ բարգաւաճի,  եւ  վերադառնայ իր   անցեալի   փառքին։

 

-Իսֆ  եթէ համայնքը  այսօրուան  վիճակին մէջ մնայ, արդեօք պիտի կարենա՞յ գոյատեւել, իր ուժերը հաւաքել, վերանորոգուիլ եւ նայիլ ապագային:

Ընդհանուր առմամբ ես միշտ լաւատես եղած եմ, նամանաւանդ որ ես, ինչպէս բոլոր հայերը, քրիստոնեայ ենք, եւ քրիստոնէութեան մէջ մենք միշտ յոյսի զաւակներ եղած ենք, մենք կը յենինք Աստուծոյ ողորմութեան, կը հաւատանք, որ Աստուծոյ ողորմութիւնը ամէն ինչէ մեծ է: Ուստի, մեծ յոյսեր ունիմ, թէ պարագաները դարձեալ պիտի լաւանան, դարձեալ մենք պիտի բարգաւաճինք եւ վերանորոգուինք, շարունակելով ինչ որ մեր հայրերը, մայրերը սկսած էին, եւ դարձեալ դամասկոսահայութիւնը իր պատմական դերը պիտի խաղայ այս քաղաքին մէջ, իբրեւ անբաժան բաղադրիչ մը Դամասկոսի հանրութեան եւ իբրեւ անբաժան մասնիկը սուրիահայութեան: