Հայաստանի մէջ օրերս տեղի ունեցած արտահերթ ընտրութիւններէն առաջ ձերբակալուած էր հայրենի ճանչցուած բժիշկ Արմէն Չարչեանը։
Պահ մը ազատ արձակուելէ ետք, պարզուած էր, որ Չարչեանին դէմ կայ մեղադրանք, որ կապ ունի իր ղեկավարած «Իզմիրլեան» հիւանդանոցին մէջ կայացած յայտնի հանդիպման հետ։
«Արեւելք» ձեռնպահ մնալով նախընտրական շրջանին ստեղծուած սուր եւ լարուած վիճակին առընթեր կեցուածք մը որդեգրելէ, ու ելլելով զուտ մարդկային մօտեցումներէ իր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնէ ամերիկահայ հասարակական գործիչ՝ Մայք Սարեանի գրառումը կապուած բժ. Արմէն Չարչեանին դէմ եղած մեղադրանքին ու նաեւ փափաքին Չարչեանի հարցը վերջնականապէս փակելուն։
Ստորեւ գրառումը։
«Օրերս Հայաստանի մէջ ձերբակալուած է իմ լաւ բարեկամ եւ փայլուն վիրաբոյժ Տօքթ. Արմէն Չարչեանը։
Ձերբակալութիւնը կապ ունի նախընտրական գործընթացներուն հետ ու այն միջադէպին, որ տեղի ունեցած է «Իզմիրլեան» հիւանդանոցին մէջ, ուր Չարչեան կը գործէ, որպէս հիւանդանոցի ընդհանուր տնօրէն։
Ես բժիշկ Չարչեանին ծանօթացած եմ Հայաստան այցիս ժամանակ, ու հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։
Ես պիտի խնդրեմ առողջապահական ոլորտի իմ բոլոր ընկերներէն ու ծանօթ բժիշկներէն, որպէսզի միանան ինձ ու պահանջեն հայրենի բժիշկին ազատութիւնը։
Ինչ ալ ըլլան ձերբակալման պատճառները, արդար, տեղին ու ճիշդ չէ իր որակով բժիշկ մը կալանքի տակ պահելը եւ անշուշտ այդ մէկը ցոյց կու տայ, թէ ինչ սարսափելի քաղաքական վիճակի մը մէջ մեր երկիրը։
Հետեւաբար, իմ փափաքն է, որ արագօրէն ազատ արձակուի Տօքթ. Արմէն Չարչեանը»։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Մայք Սարեանի սոյն գրառումը կատարուած էր այն պահուն, երբ Չարչեան տակաւին կը գտնուէր կալանքի տակ, իսկ ներկայիս ան ազատութեան մէջ է եւ սակայն առկայ մեղադրանքին պատճառով հարցը տակաւին չէ փակուած։