Բրիտանիա- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Չորսամեայ բրիտանացի Իսա Տէյրի անունով տղայ մը, որու մայրը զինք տարած էր Սուրիա, յայտնուած է «Տահէշ»ի պատրաստած երկրորդ ահաբեկչական տեսանիւթին մէջ: Այս մասին կը գրէ «Սապահ», նշելով, որ Իսա Տէյրին, որ ծնած է Լոնտոնի մէջ, նկարահանուած է անապատային պատկերվ ֆոնի առջեւ, ուր ան կը պայթեցնէ երեք ենթադրեալ լրտեսներ պարունակող ինքնաշարժ մը: Տեսանիւթին մէջ ցոյց կը տրուի, որ տղան կանգնած է փլատակներու կողքին, իր թեւը բարձրացուցած, որպէս յաղթանակի տօնակատարութեան նշան:
«Սապահ» նաեւ կը նշէ, որ դիմակաւոր զինեալ մը նոյնպէս կ'երեւայ առցանց տարածուած տեսանիւթին մէջ, ուր ան իր ձեռքը, Իսայի ուսին դրած, սպառնալիքներ կը հնչեցնէ Անգլիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնին: Բրիտանական շեշտով մը ելոյթ ունենալով, զինուորեալը կ'ըսէ. «Դուք երկու բան ըրիք. Նախ, ձեր լրտեսները ուղարկեցիք Սուրիա, եւ ապա լիազօրեցիք ձեր մարդոց, հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռուէն, մէկ կոճակ սեղմելով, սպաննել Արեւմուտք ապրող մեր եղբայրներուն: Հետեւաբար, այսօր մենք պիտի սպաննենք ձեր լրտեսները, նոյն ձեւով, ինչպէս որ իրենք ձեզ օգնեցին սպաննել մեր եղբայրները»:

Աղբիւրի հաղորդմամբ, Իսան նախապէս յայտնուած էր «Տահէշ»ի առցանց տարածուած տեսանիւթին մէջ անցեալ ամսուն, թէեւ կը կարծուի, որ սա առաջին անգամն է, ուր ան կը ցուցադրուի որպէս մասնակից՝ ենթադրեալ գոծողութեան մէջ:
Կը նշուի, որ Իսան Անգլիայէն Սուրիա եկած է 2012 թ.ին, իր 24-ամեայ մօր Կրէյս Տէյրի հետ: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այս կապակցութեամբ «The Times» թերթի Իսայի մեծհօր՝ Հէնրի Տէյրի ուղղած հարցին, թէ «տղան գիտէ՞ր, թէ ինչ կ'ըսէր», մեծ հայրը պատասխանած էր. «Ոչ, ան երեխայ է: Ան անչափահաս է, հինգ տարեկանէն վար: Ան ISIS-ի զինեալներու ազդեցութեան տակ կը գործէ: Շատ փոքր է: Քարոզչութեան համար կ'օգտագործուի »: