Այսօր հանրապետութեան շարք մը վայրերու մէջ, նաեւ Երեւանի մէջ տեսանելի եղած է երեւոյթ մը, որ օդերեւութաբանութեան մէջ կը կոչուի «գալո» (Halo - լուսապսակ)։ Այս մասին դիմատետրեան իր էջին գրած է օդերեւութաբանութեան եւ վերահսկողութեան կեդրոնի փոխտնօրէն Գագիկ Սուրէնեանը:
Նշենք, որ «գալոն» լուսաւոր, գունաւոր շրջանակ է, արեգակի կամ լուսինի շուրջը նկատուող բիծ, որ կ'առաջանայ բարձր ամպերու սառոյցէ բիւրեղներուն մէջ լոյսի բեկումէն կամ անդրադարձումէն: