Եգիպտոսի մէջ հայրը պատժելու համար իր անչափահաս երեխան անոր մարմինը սեւ մեղրով պատած է։
Եգիպտական լրատուամիջոցները հրապարակած են երեխայի նկարը՝ փորի վրայ պառկած, պարանով կապուած փայտով եւ մարմնին վրայ՝ մեղր:
Եգիպտական «Ալ-Ուաթան» թերթը, վկայակոչելով անվտանգութեան անանուն աղբիւր մը, կը յայտնէ, որ երեխային անունը Մոհամէտ է, եւ ան կը բնակի Քալիուպիա նահանգի գիւղերէն մէկուն մէջ:
Երեխային մայրը ՝ Իմանը, եգիպտական թերթին տուած հարցազրոյցի ընթացքին բացատրած է, որ ինքը զարմացած է, երբ հայրը վերադարձած է իր աշխատանքէն եւ երբ դրացին տեղեկացուցած է, որ իր որդին գողութեան պատճառով նետուած է իրենց տան տանիքէն: Գողութեան պատճառով երեխային հայրը կապած է Մոհամետը եւ մեղր լեցուցած է անոր վրայ՝ մէկ ժամ ձգելով զինք տան տանիքը:
Մայրը նշած է, որ հայրը անցեալին ալ յարձակած է իր եւ երեխաներուն վրայ ` յիշեցնելով , որ իշխանութիւնները ձերբակալած են զինք:
Ըստ «Ալ-Ուաթան» թերթի հետ զրուցած հետաքննութեան ծանօթ աղբիւրներուն, հայրը տակաւին հետաքննութեան մէջ է, մինչդեռ երեխան պիտի ներկայացուի դատաբժշկութեան ՝ իր ստացած վնասուածքներուն չափն ու որակը պարզելու համար:
Կը նշուի նաեւ, որ ընկերային ցանցեր լուրը տարածած են ու ներկայացուցած մօր տագնապը, ուր ան կ'ըսէր. «Հայրը շատ դաժան կը վարուի իր որդիին հետ, եւ ես ոչինչ չեմ կրնար ընել: Ան կը սպառնար իմ հեղինակութիւնս արատաւորել: Կը խնդրեմ օգնեցէ՛ք եւ պաշտպանեցէ՛ք մեզ: Հայրը սեւ մեղրով պատած է զաւկիս մարմինը, որպէսզի միջատները «ուտեն» անոր մարմինը , երեխաս 6,5 տարեկան է, կը խնդրեմ օգնեցէ'ք, մեզի»։