ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ ընկերային ցանցերու ատրպէյճանցի օգտատէրերու կողմէ տարածուած` հայ եւ ատրպէյճանցի զինուորներու մասնակցութեամբ տեսանիւթի ուսումնասիրութենէն պարզուած է, որ դէպքը իրականութեան մէջ տեղի ունեցած է 17 մայիսի 2021-ին, հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ:
ՊՆ-ն նշած է, որ միջադէպի վերաբերեալ նշանակուած է ծառայողական քննութիւն: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հետամուտ պիտի ըլլայ բոլոր հանգամանքներու բացայայտման եւ համապատասխան իրաւական հետեւանքներու կիրառման: