image

Չինաստան 200 շտապ օգնութեան ինքնաշարժ պիտի նուիրէ Հայաստանին

Չինաստան 200 շտապ օգնութեան ինքնաշարժ պիտի նուիրէ Հայաստանին

Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպան Տիան Էրլունի եւ առեւտտուրի խորհրդական Վանք Հոնկլենկի հետ հանդիպման ընթացքին՝ Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեան շնորհակալութիւն յայտնած է չինական կողմին, իբրեւ օգնութիւն Հայաստանին շտապ օգնութեան 200 մեքենայ եւս տրամադրելու պատրաստակամութիւն յայտնելուն համար:

«Ատոր շնորհիւ պիտի կարենանք լիովին լուծել մեր երկրի շտապ օգնութեան ծառայութեան մէջ առկայ խնդիրները»,- ըսած է նախարարը՝ ընդգծելով, որ ինչպէս նախապէս, յառաջիկային ալ ստացուած ինքնաշարժներուն մեծ մասը պիտի աշխատին մարզերուն մէջ։

Նշենք, որ 2011 թուականէն Չինաստան Հայաստանին տրամադրած է շտապ օգնութեան 88 ինքնաշարժ, եւ հայ բժիշկները, առողջապահութեան կազմակերպիչները, դեղագործները վերապատրաստուած էին Չինաստանի մէջ, նաեւ՝ աւանդական բժշկութեան ուղղութեամբ:

Դեսպանին խնդրանքով նախարարը ներկայացուցած է առողջապահական համակարգին մէջ ծրագրուող բարեփոխումներն ու հեռահար նպատակները:

Տիան Էրլուն նշած է, որ չինական կողմը պատրաստ է աջակցելու նաեւ հեռաբժշկութեան ոլորտին մէջ՝ ապահովելով մասնագիտական խորհրդատուութիւն: