Օրեր առաջ հրաշքով մահէ փրկուած լիբանանահայ երիտասարդ՝ ժիրայր Աւետիքեան կարիքն ունի մեր բոլորի օժանդակութեան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ երիտասրդի հարազատներէն։
Նշենք, որ ծանր արկածի հետեւանքով հիւանդանոց փոխադրուած եւ բուժման տակ գտնուող ժիրայր Աւետիքեանը կարիք ունի նիւթական աջակցութեան՝ վճարելու համար հիւանդանոցի ծախսերը։
Այն հայրենակիցները, որոնք կը փափաքին հասնիլ մեր հայրենակիցին, կրնան կապուիլ հետեւեալ համարներով՝ 0096171223783 եւ 0096176161589:
Առողջութիւն մեր երիտասարդին։