image

Բարեգործականի հասցէին վիրաւորանքներ հասցընելով Մելգոնեան վարժարանի հարցը լուծում պիտի չգտնէ. Լիբանանահայ մտաւորական

Բարեգործականի հասցէին վիրաւորանքներ հասցընելով Մելգոնեան վարժարանի հարցը լուծում պիտի չգտնէ. Լիբանանահայ մտաւորական

Լիբանանահայ մտաւորական, կրթական  մշակ  եւ  Հայ Աւետ.  Գոլէճի (քաղաքի Գոլէճ) տնօրէն Տիար Արմէն Իւռնէշլեան անցնող շրջանին շահեկան հարցազրոյց մը տուած է Պոլսոյ «ժամանակ» օրաթերթին։ Ի շարս այլ կարեւոր թեմաներու Իւռնէշլեան այդ հարցազրոյցով կ՚անդրադառնայ նաեւ սփիւռքահայութեան համար կրթական կարեւոր օճախ հանդիսացող Հ.Բ.Ը.Մ-Ի  տնօրինութեամբ գործած  եւ աւելի քան տասը տարիներէ ի վեր  իր  դռները փակած Մելգոնեան վարժարանի խնդրին։

Ստորեւ «Արեւելք»ի  ընթերցողներու  ուշադրութեան կը յանձնենք  այդ  հարցազրոյցէն  կարեւոր  հատուած մը։

 

- Ձեր կրթական-հասարակական կեանքի ծիրին մէջ մեծ տեղ ունի  ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան Վարժարանը։ Այսօր շատ բաներ կը լսենք Մելգոնեանի մասին,   սակայն   գետնի վրայ  ստոյգ տուեալներ  կամ գործողութիւններ  չեն կատարուիր։ Ի՞նչ   կրնաք   ըսել այդ մասին։  


Ճիշդը ըսելու համար, ես ալ որեւէ տեղեկութիւն չունիմ Մելգոնեանի  մասին  եւ  նոյնպէս կը լսեմ եւ գուցէ ձեզմէ կը լսեմ, այսինքն մամուլի միջոցով կամ Ֆէյսպուքով:

Սակայն կրնամ ըսել, որ Մելգոնեան վարժարանի  սանուց  միութիւնները  տակաւին կը շարունակեն գործել։ Հիմնականօրէն, Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի մէջ: Մելգոնեանի փակումը պիտի զգացնէ իր ազդեցութիւնը, գուցէ եւ  կը զգացնէ: Խնդիրը հետեւեալն է. Մելգոնեանը փակուելէ առաջ իրաւունք ունէր երկրորդ առիթի մը, թերեւս նոյնինքն Մելգոնեանի մէջ կային կացութիւններ, որոնք պէտք է սրբագրուէին։ Թերեւս պէտք է փոխուէր հայեցակարգ մը,սակայն փակումը սխալ   որոշում  էր։Իմ համոզումովս, մենք չենք կրնար խօսիլ վերաբացումի մասին, երբ արդէն տասներեք տարի անցած է: Մելգոնեան փակուեցաւ,  2005-ին     եւ այսօր անկարելի է վերադառնալ   անցեալի  վիճակին։ Սակայն  եթէ   հարց տաքոր Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի նաեւ Միացեալ Նահանգներու համար որակաւոր հայկական գիշերօթիկ դպրոցի մը կարիքը կայ,  ապա   պիտի պատասխանեմ   այ՛ո  կայ: Այս մէկը համոզում է, չեմ խօսիր զգացականօրէն, կը խօսիմ բանականութեամբ, բայց այդ դպրոցը ինչպիսի դպրոց պիտի ըլլայ, կրթական ի՞նչ թեքում պիտի ունենայ, ի՞նչ արեւելում պիտի ունենայ՝ անիկա արդէն քննարկելի է: Պիտի ըլլա՞յ այն ինչ որ էր, պիտի ըլլա՞յ այն ինչ, որ այդ դպրոցն էր: Այդ տեսակ նիւթ մըն ալ   կար  ժամանակ մը,  որ պիտի գնեն  դպրոցը, հայեցակարգ  պիտի մշակեն  եւն. եւն.։

Այս առումով    լաւ օրինակ մը տալու համար    պարտիմ   ըսել,  որ   այսօր սփիւռքը  կարիքն ունի կրթական-մասնագիտական  կառոյցի  մը, որ  պիտի պատրաստէ  տարբեր ոլորտներու մէջ    գործող  մասնագէտներ։        Այսօր   սփիւռքի  մէջ ունինք   երկու կառոյց. Հայկազեան համալսարանը, որ հետազօտական կեդրոն  մը չէ, այլ համալսարան է եւ  երկրորդ կառոյցը՝ Մեծի Տանն Կաթողիկոսութիւնն է,  իր մատենադարանով եւ արխիւով, որ նոյնպէս սահմանափակ է: Իսկ Եւրոպայի մէջ ունինք Նուպարեան մատենադարանը, իբրեւ հետախուզական կեդրոն եւ ուրիշ մը չունինք: Ու  շատ լաւ գիտենք, որ այլեւս պէտք է կատարուի Սփիւռքի ուսումնասիրութիւնը: Հայկազեանը սկսաւ ատիկա իր գիտաժողովներով. «Հայերը Լիբանանի մէջ», «Հայերը Սուրիոյ մէջ», «Հայերը Եգիպտոսի մէջ» եւ այսպէս պիտի շարունակուի: Սակայն տարբեր պիտի ըլլայ, երբ կառոյց մը ունենանք յստակ նպատակով, յստակ քաղաքականութեամբ, յստակ պաշտօնակազմով եւ ծրագիրով, ուր կեդրոնանան ելեկտրոնիկ տարբերակով, թուայնացած տարբերակով արխիւ մը հաստատուի։

Շատ խղճալի վիճակի մէջ է այսօր Մելգոնեան հաստատութիւնը: Մենք նկարահանումներու ժամանակ գացինք եւ տեսանք (նկատի ունի  Մելգոնեանի   Լիբանանի  Սանուց Միութեան  նախաձեռնութեամբ եւ   բեմադրիչ Նիկոլ  Պէզճեանի    կողմէ պատրաստուած  ժապաւէնը): Այդ փլատակ կացութիւնը, այդ ամայի վիճակը ուղղակի շատ ցաւալի եւ յուզիչ էր: Ինչպէս կարելի է այդպիսի հզօր, վեհաշուք կաճառ մը ամբողջ տասներեք տարի լքուածութեան մատնել...:

 

- Նոյն առումով որեւէ տուեալի կը տիրապետէ՞ք. հողը ծախելու եւ այլ այդպիսի պատմութեան հետ կապուած, խնդրին  մէջ Հայաստանի պետութիւնը «խառնել»ու  մասին  որեւէ տուեալ ունի՞ք։ այս գործին մէջ:


Տուեալս նոյնն է, ինչ որ տասնամեակներ առաջ էր, ինչ որ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ: Նախ Բարեգործականը յայտարարեց, թէ ինք  կառոյցը  ծախելու մտադրութիւն չունի: Ատկէ բացի տարբեր բան մը չեմ լսած: Երկրորդը, որ տակաւին շէնքերը պատմական ժառանգութիւն հռչակուած են, իսկ պուրակն ալ՝ «կանաչ տարածութիւն», իսկ մնացեալը տարաձայնութիւններ են: Երբ վերջերս Սփիւռքի նախարարը Կիպրոս այցելեց աղմուկ  բարձրացաւ, թէ գացած է  Մելգոնեանը  ծախելու ...Սակայն Լոս Անճելոսի մէջ նոյն Սփիւռքի նախարարը հարցազրոյցի մը  ընթացքին    Մելգոնեանցիներու կողմէ Պրն. Մինաս Գոճայեանի  հարցումին  պատասխանելով   ըսաւ, որ հաստատութեան մասին հարցումներ չտրուին, որովհետեւ ինք պատասխաններ չունի...: Իրավիճակը այն է, որ ես նոյնպէս ներքին տեղեկութիւն չունիմ:

 

-Իսկ այս առումովորեւէ հարց ունեցա՞ք Բարեգործականի հետ:


Վերջին շփումը ֆիլմին  համար էր: Ես չիյնկայ անուանարկումի եւ վարկաբեկումի, վիրաւորանքներու որոգայթին մէջ: Մելգոնեանի   մասին գրած յօդուածներս յստակ են: Անոնք լոյս տեսան  Պէյրութի «Արարատ»ին մէջ, ուր սկզբունքային դիրքորոշումս արտայայտեցի եւ դէմ գրեցի   դպրոցը փակելու որոշումին մասին։ Անշուշտ հոն կար բողոք, ընդվզում եւ նոյնիսկ սկզբնական օրերուն՝ ցաւ: Չեմ կրնար ըսել, որ իմ մօտեցումս զգացական չէր, որովհետեւ իմ ամբողջ կրթութիւնս եւ իմ ով ըլլալս կը պարտիմ Մելգոնեան հաստատութեան։  Ի վերջոյ  անկարելի է ուրանալ այդ մէկը։ Միեւնոյն ժամանակ չեմ կրնար ժխտել, որ նկարահանումներու ժամանակ Մելգոնեան մուտք    գործելու համար պէտք է հրաման առնէինք Բարեգործականէն, որովհետեւ այդ մէկը միայն մտնել եւ նկարահանում կատարել չէր: Հոն նկարահանող խումբ պիտի ըլլար, շէնքերը պիտի բացուէին եւ այլն: Եւ մեր շփումները, նամակները գլխաւորաբար Պրն. Վազգէն Եագուպեանի միջոցով եղան: Կեդրոնէն Կիպրոս լուր ուղարկուեցաւ Պրն. Պենոն Սեւանին եւ գործավար Գարեգին Կոստանեանին, որ  խումբ  մը Մելգոնեանցիներ  պիտի գան որպէսզի նկարահանումներ կատարեն նշուած տեղերը: Անոնք հարիւր առ հարիւր գործակցութիւն ցուցաբերեցին: Նոյնիսկ մատենադարան մտանք եւ ես այնտեղ ժամերով աշխատեցայ:

Չեմ կրնար հաստատել այն տարաձայնութիւնը, որ մեծ թիւով գիրքեր ծախուած են, որովհետեւ ես իսկապէս չտեսայ դարակներ, որոնք դատարկ էին: Սակայն կրնամ ըսել, որ շատ դարակներ փլած էին, ապակի կոտրուած էր եւ այլն: Տակաւին որոշ եկամուտ մը կայ, որ կը ծախսուի հաստատութեան վրայ. օրինակ բոլոր սենեակներու մէջ ելեկտրականութիւն կար, ջուր կար:

Մելգոնեանի մէջ կայ շատ կարեւոր արխիւ մը, որ միայն Մելգոնեանի արխիւը չէ, նաեւ Միջին Արեւելքի  հայութեան  եւ հայագաղութներուն արխիւն է, նաեւ լիբանանահայութեան արխիւն է: Գրքոյկ մը տեսայ, ուր օրուան տնօրէնը օրագիր մը պահած է եւ ամէնէն յետին մանրամասնութիւն ն անգամ արձանագրուած է անոր մէջ: Ամէն ինչ պահուած է եւ ասոնք առնուազն պէտք է կարգաւորուին: Անկեղծօրէն ես շատ սիրով կ'ուզէի ընել այդ մէկը, սակայն ժամանակի եւ պաշտօնիս  բերումով շատ դժուար է: Վստահաբար Բարեգործականի համար ալ շատ կարեւոր տեղեկութիւններ կան այդտեղ, կիպրահայութեան համար շատ բաներ կան,  եւ ի վերջոյ  Մելգոնեանի մասին ալ  շատ կարեւոր բաներ կան: Մելգոնեանի մասին շատ քիչ են ուսումնասիրութիւնները, լուրջ գիտական աշխատանք չկայ, ունինք միայն յուշամատեան մը, որ պատրաստած է Եղիա Գայայեանը, ուր յատկապէս     տեղ  գտած են   տարբեր շրջաններէ առնուած   պատկերներ, իսկ պատմական բաժինները առնուած են տպագիր նիւթերէ, բայց հիմնական արխիւը չէ ուսումնասիրուած, մանաւանդ, սկզբնական տարիներուն: Ո՞վ պիտի ընէ այս բոլորը: Շատ լուրջ եւ մեծ աշխատանք կը պահանջէ. պաշտօնեայ, քարտուղար, գիտաշխատող եւ այլն: Անկեղծօրէն պիտի ըսեմ եւ պիտի բարձրաձայնեմ։ Հայաստանի մէջ մենք ունինք մեծ թիւով մատենագէտներ, արխիւագէտներ, ու շատ լաւ պիտի ըլլար, եթէ  զանոնք գործուղէինք Կիպրոս, ուր կարելի ըլլար սենեակ մը տրամադրել  մատենադարանին մէջ եւ  անոնք սկսէին թուայնացնել, առնուազն դասակարգել, ստացուած նամակները Պէյրութէն եւ տարբեր տեղերէ: Եւ այս բոլորը դրուին ուումնասիրողներու տրամադրութեան տակ:

 

-Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք Մելգոնեանի  վարժարանի խնդրին լուծումը։ 


Մելգոնեանի վերաբացումը թերեւս, առնուազն, մէկ միլիոն տոլարի կը կարօտի: Այդ մէկ միլոն տոլարը արդարացնելու համար չեմ ըսեր, բայց առաքելութիւն մը հիմնելու համար ամէնէն առաջ պէտք է գաղութներուն մէջ ուսումնասիրութիւն ըլլայ: Օրինակի համար  Պուլկարիայէն,  Յունաստանէն, Միջին Արեւելքէն, Ռուսաստանէն   եւ  Հայաստանէն   հարիւրաւոր  աշակերտներ  Մելգոնեան  կու գային։ Ներկայիս այդ գաղութները իբրեւ եկրորդական վարժարան, այսինքն այն ինչ որ Մելգոնեանն էր 2005-ին,  պատրա՞ստ են աշակերտ տրամադրելու, ի՞նչ է ձեւաչափը: Եթէ պիտի գոյանայ թիւ մը 200-250 հոգի, կարելի է խօսիլ վերաբացումի մասին, նոյն ձեւաչափով ինչպէս որ էր  2005-ին: Իսկ ես դաւաճանութիւն չեմ նկատեր, թերեւս ծայրայեղներ դաւաճանութիւն որակեն այս խօսքս, եթէ Մելգոնեանը վերածուի կրթական եւ ակադեմական գիտա-հետազօտական կեդրոնի։ Օրինակի համար Մելգոնեանի մէջ պատրաստուին ոչ թէ աշակերտներ, այլ Մելգոնեանը  դառնայ սփիւռքագիտութեան կեդրոն մը, հետազօտական կեդրոն մը, ուր այցելու  դասախօսներ երթան: Այս փորձը շատ տարածուած է,  մեծ թիւով  համալսարանները ունին խտացեալ դասընթացքներու ձեւաչափով  գործելու  մեթոտներ։  Այսինքն, հետազօտական կեդրոն մը հիմնել ոչ միայն հայերու համար, ինչու չէ նաեւ՝ օտարներու: Սակայն պէտք է խօսիլ լրջօրէն, ոչ ծայրայեղ մօտեցումներով։  Ընդունելի չէ Բարեգործականի կողմէ  հնչած   կարծիքը, թէ Մելգոնեանի առաքելութիւնը աւարտած է եւ նոյնպէս    ընդունելի չէ,    կարգ մը ծայրայեղներու մօտեցումը, որ Մելգոնեանի  հարցը կը  լուծուի   միայն գլուխ   կոտրելով...: Պէտք է միջին եզր մը  գտնել։