image

Ազնաւուր պիտի յուղարկաւորուի 12-րդ դարու վանքի մը մէջ

Ազնաւուր պիտի յուղարկաւորուի 12-րդ դարու վանքի մը մէջ

Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրը պիտի յուղարկաւորուի Փարիզէն ոչ հեռու գտնուող Մոնֆոր-Լամորի համայնքին մէջ: Այդ  եղած է անոր վերջին կամքը:
Այդ համայնքին մէջ  տեղակայուած է երգիչի տուներէն մէկը, ուր ան յաճախ ժամանակ կ´անցնէր իր ընտանիքին հետ:
«Իմ հողը` ֆրանսական հողն է: Իմ Մոնֆոր-Լամորի համայնքին մէջ` 12-րդ դարու վանքին մէջ,  կառուցուած է յատուկ ոչ մեծ ընտանեկան գերեզման»,- ըսած է Ազնաւուրը:

Ելիսէեան պալատը նաեւ կը դիտարկէ Երեւանի մէջ հոկտեմբերին կազմակերպել ձեռնարկ, որուն ծիրէն ներս յարգանքի տուրք կը մատուցուի Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին: Ձեռնարկը կրնայ իրականացուիլ Երեւանի մէջ 11-12 հոկտեմբերին կայանալիք Ֆրանքոֆոնիայի Միջազգային կազմակերպութեան գագաթնաժողովի ծիրէն ներս, որուն ներկայ պիտի ըլլայ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը:

Յիշեցնենք, որ Շ. Ազնաւուրը մահացած է նախօրէին: 94-ամեայ աշխարհահռչակ երգիչը իր աշխատանքի  ընթացքին ձայնագրած է աւելի քան 1000 երգ, թողարկած շուրջ 100 ալպոմ:

Շարլ Ազնաւուրի կենդանութեան օրօք վերջին լուսանկարը եղած է ֆրանսացի դերասան Ժան-Փոլ Պելմոնտոյի հետ: 360tv-ի հաղորդմամբ, լուսանկարը հրապարակուած է երգիչի պաշտօնական Ինսթակրամին մէջ:

«Իմ յաւերժական ընկեր Ժան-Փոլ»,-  լուսանկարը կ´ուղեկցուի այս գրառմամբ:

Համաշխարհային մեծութեան երկու աստղերու լուսանկարի հեղինակն է Մարք տէ Տոմինիքոն: