Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, կիսանդրիի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Ազնաւուրի ծննդեան 97-ամեակին՝ 22 Մայիսին, Փարիզի մէջ՝ Լատինական թաղամասի Օտէոնի հրապարակին մէջ: Քաղաքի այդ հատուածի շէնքերէն մէկուն մէջ ապրած են Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած ու Ֆրանսա ապաստանած Ազնաւուրեանները: