image

Այսօր Երեւանի մէջ բերման ենթարկուած է 66 հոգի

Այսօր Երեւանի մէջ բերման ենթարկուած է 66 հոգի

Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնած հաւաքի վայրերէն ՀՀ ոստիկանութեան բաժին 18 ապրիլի ժամը 12:00-ի դրութեամբ բերման ենթարկուած է 66 քաղաքացի:  

Այս մասին «Արմէնբրես»-ին տեղեկացուցած է ՀՀ ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապի եւ լրատուութեան վարչութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեանն ու իր խմբակիցիները կը շարունակեն երթը եւ արդէն կը հասնին Տիգրան Մեծ պողոտայ: 

Փաշինեանը երթի ընթացքին յայտարարեց, որ Գիւմրիի մէջ իրեն սատարողները փակած են Գիւմրիի հրապարակը: