Երեւանի կեդրոնի մէջ այսօր՝ 10 Յուլիսին, սպանութիւն եւ սպանութեան փորձ տեղի ունեցած է։ Այս մասին հաղորդած է SHAMSHYAN.com-ը։
Կայքի տեղեկութիւններով՝ ժամը 02։00-ի մօտերը Երեւանի 1-03 շտապօգնութեան բժիշկներու «06» խումբէն ահազանգ ստացուած է ոստիկանութեան կեդրոնական բաժին, որ դանակահարուած վիճակի մէջ թիւ 1 համալսարանական հիւանդանոց տեղափոխուած է 2 քաղաքացի։
Հիւանդանոցին մէջ բժիշկները ոստիկաններուն եւ քննիչներուն յայտնած են, որ վիրաւորները ի վիճակի չեն կատարուածի մասին բացատրութիւն տալու, իսկ կարճ ժամանակ անց թիւ 1 համալսարանական հիւանդանոցէն ահազանգ ստացուած է, որ վիրաւորներէն մէկը, գիտակցութեան չգալով, մահացեր է։
Ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են՝ հիւանդանոց տեղափոխուածներն են Երեւանի բնակիչ՝ 23-ամեայ Արեգ Խալաթեանը, որ մահացած է, իսկ վիրաւորը Արցախի Հանրապետութեան բնակիչ՝ 21-ամեայ Արման Պօղոսեանն է, որ այս պահուն կը գտնուի ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ:
Ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են նաեւ, որ նոյն օրը, ժամը 01։00-ի մօտերը Սայաթ-Նովա պողոտայ 19 հասցէին վրայ գտնուող «Անի» հիւրանոցային համալիրի մօտ վիճաբանութիւն տեղի ունեցած է նշուած անձանց եւ դեռ չպարզուած անյայտ անձի միջև, որ սուր առարկայով հարուածներ հասցուցած է նշուած անձանց։
Փաստի առթիւ յարուցուած է քրէական գործ։