image

Երեւանի մէջ. «Օնլայն» «Թաքսի»ները կը թանկանան. պատճա՞ռը

Երեւանի մէջ. «Օնլայն» «Թաքսի»ները կը թանկանան. պատճա՞ռը

 

Օնլայն թաքսի ծառայութիւններէն օգտուողները վերջին շրջանին կը բախին խնդիրներու. կրճատուած է մեքենաներու թիւը, որ յանգեցուցած է թէյավճարի աճի: Առանց թէյավճարի օնլայն թաքսիէն օգտուիլը գրեթէ անհնար դարձած է: Ուղեւորները ստիպուած են ոչ միայն յաւելավճար վճարել, այլ նաեւ երկար սպասել: Օնլայն թաքսի ծառայութիւններ մատուցող ընկերութիւններու ներկայացուցիչները գիներու աճը կը պայմանաւորեն տարբեր հանգամանքներով:
Utaxi ընկերութեան տնօրէն Գոռ Յակոբեանը NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ մեքենաներու վարորդներու «փասիւութիւն» կը նկատուի: Սա կապուած է այն հանգամանքի հետ, որ մարդիկ կը նախընտրեն մեքենայ չքշել տաք օդին եւ կը սպասեն երեկոյեան զով ժամուն:  Պատուէրներու մեծացման հետ կ'աճին թէյավճարները: Այդ յատկապէս նկատելի է առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերուն: Ընկերութեան տնօրէնի խօսքով՝ Utaxi-ի մօտ թէյավճարները միջինը կը կազմեն 300-400 դրամ: Թէյավճարներու աճը չէ ազդած պատուէրներու թիւի վրայ:

Ընկերութենէն վստահ են՝ եղանակային պայմաններու լաւացումէն ետք թէյավճարները կրկին կը նուազին: Yandex Go Armenia ընկերութեան տարածաշրջանային ղեկավար Աւետիս Գասպարեանը կը պնդէ՝ իրենց ծառայութիւններու գիները շատ չեն բարձրացած: Յաւելավճարի չափը չի գերազանցեր 600 դրամը: «Սա այն նուազագոյնն է, որի շնորհիւ մենք կարող ենք ապահովել պահանջարկի պալանսը: Սովորաբար պալանսը ապահովուում է, երբ մշտական յաճախորդները հանգստի են մեկնում արտասահման, իսկ  նրանց բացը լրացնում են ներգնայ զբօսաշրջիկները: Գնաճն իրենց վրայ զգացել են այն քաղաքացիները, որոնք օգտուում են օնլայն թաքսի ծառայութիւններից»: