image

Աւստրալիոյ Մէջ Ծանր Ահաբեկչութիւն Մը Կանխուած է.

Աւստրալիոյ Մէջ   Ծանր Ահաբեկչութիւն Մը Կանխուած է.

Սիտնի- («Ալ-Հայաթ»- Լոնտոն)- Սիտնիի մէջ  5 անձեր, որոնց շարքին եղած է 15 տարեկան պատանի մը, եԵրեքշաբթի օր ձերբակալուած եւ դատապարտուած են կառավարական շէնքի մը վրայ «ահաբեկչական գործողութիւն նախապատրաստելու մեղադրանքով»,  այս մասին կը տեղեկացնէ  Լոնտոն հրապարակուող  «Ալ-Հայաթ»ը: Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ նշեալ ձերբակալութիւնները կատարուած են 2014-ի Դեկտեմբերին կատարուած այլ ձերբակալման հետեւանքով հաւաքուած փաստերու հիման վրայ, որոնք յստակօրէն կը պարզէին կառավարական կառոյցի մը ահաբեկչական գործողութեան թիրախ ըլլալու ծրագրումը:Աղբիւրը կը նշէ, որ այս ձերբակալութիւնները  կ'իյնան «Ապլիպա» կոչուող գործողութիւններու ծիրին մէջ: Աղբիւրը 5 ձերբակալեալներուն  վերաբերեալ կը նշէ նաեւ, որ կ'ենթադրուի, որ անոնք «Տահէշ»էն ազդուելով  ծրագրած են այս գործողութիւնը, սակայն «Տահէշ»էն նման հրահանգ մը ստացած ըլլալնուն վերաբերեալ  ցարդ փաստեր չկան: