image

Ստեփանաւանի մէջ. Կանխուած է 27 տարեկան զինուորի ինքնասապանութեան փորձը

Ստեփանաւանի մէջ. Կանխուած է 27 տարեկան զինուորի ինքնասապանութեան փորձը

Լոռիի մարզի մէջ, 12 Յուլիսին, ժամը 18:50-ի սահմաններուն, Ստեփանաւանի բաժնի համայնքային ոստիկանութեան բաժանմունքի տեսուչ Հ. Ղազարեանի կողմէ ահազանգ ստացուած է ոստիկանութեան Ստեփանավանի բաժին,  որ շրջագայութեան ժամանակ իրեն մօտեցած են խումբ մը քաղաքացիներ եւ յայտնած, որ Ստեփանաւան քաղաքի կամուրջի կեդրոնական հատուածին մէջ քաղաքացի մը անցած է կամուրջի ճաղավանդակներու վտանգաւոր եզրագիծը եւ կ'ուզէ վար նետուիլ: Այս մասին կը հաղորդէ shamshyan.com-ը։

Ստեփանաւանի ոստիկանութեան բաժնի պետ Սուրէն Բագրատունեանը որոշ ժամանակ բանակցութիւններ վարած է այդ քաղաքացիի հետ, որ այնուհետեւ հրաժարած է այդ քայլին դիմել եւ Ստեփանաւանի ոստիկանապետի ուղեկցութեամբ տեղափոխուած է  ոստիկանութեան Ստեփանաւանի բաժին։

Կայքի տեղեկութիւններով՝ այդ քաղաքացին Լոռիի մարզի 27-ամեայ բնակիչ է։ Ան կը ծառայէ ՀՀ ՊՆ N զօրամասին մէջ՝ որպէս պայմանագրային զինծառայող եւ այդ քայլին ուզած է դիմել անձնական խնդիրներէ ելլելով:

 

Փաստի առթիւ ոստիկանութեան Ստեփանաւանի բաժնի հետաքննական բաժանմունքէն ներս նիւթեր կը նախապատրաստուին: