image
Հրատապ լուրեր:

Առաքելական Ճամբորդութեան երկրորդ օր

Առաքելական Ճամբորդութեան երկրորդ օր

Շաբաթ 25 յունիս 2016-ի օրակարգը սկիզբ առաւ առաւօտեան` Երեւանի ժամով 8:45-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ծիծեռնակաբերդի տուած պաշտօնական այցելութեամբ եւ Հայոց նահատակաց յարգանքի տուրքի մատուցմամբ։

Ծիծեռնակաբերդի Համալիրի մուտքին Սրբազան Հայրը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետ միասին դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին կողմէ  եւ միասին, հետիոտն ընթացան դէպի յուշահամալիր, որուն մուտքին Քահանայապետը զետեղեց ծաղկեփունջ մը, 1915-ի նահատակաց պաստառները բռնած մանուկներու ներկայութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա մուտք գործեց «Յաւերժական կրակի» յիշատակի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը բարեխօսական աղօթք արտասանեց հայերէնով, Ֆրանչիսկոս Պապը` իտալերէնով: Երկու հայրապետները արտասանեցին «Հայր Մեր» աղօթքը եւ իրենց օրհնութիւնը շնորհեցին ապա ` Հանրապետութեան Նախագահին հետ միասին ուղղուեցան թանգարան, ճանապարհի վրայ  Քահանայապետը օրհնեց նահատակաց յիշատակի այգիին ծառ մը։  Յայտնենք թէ Ծիծեռնակաբերդի այցելութեան կը մասնակցին նաեւ Պիոս ԺԱ Պապին 1915-ի աղէտէն փրկուած հայորդիներու խումբ մը ժառանգորդներ։

Ծիծեռնակաբերդի Թանգարանը այցելելէ ետք Սրբազան Հայրը ստորագրեց ոսկեմատեանը ու հրաժեշտ առնելով ուղղուեցաւ Երեւանի օդակայան, որտեղէն  մեկնեցաւ առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրուայ յայտագրի երկրորդ հանգրուան՝  Գիւմրի,  ուր Վարդանանց հրապարակի վրայ նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Սրբացան Քահանայապետին գլխաւորութեամբ սուրբ եւ անմահ պատարագի արարողութիւն։

Գիւմրին կը հանդիսանայ միակ վայրը, ուր ­Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի գործածէ Քահանայապետական սպիտակ ­ինքնաշարժը՝ շրջանը ընելով Վարդանանց հրապարակին ու ողջունելով այնտեղ համախմբուած հայ ազգի  հազարաւոր զաւակները, որոնք այս առթիւ ժամանած են Գիւմրի՝ մասնակցելու այդ պատմական իրադարձութեան։