Պէյրութի օդակայանին մէջ տեղի ունեցած թէքնիք խանգարման հետեւանքով օդակայանի բնականոն աշխատանքը խափանուած է։ Այս մասին լուրը կը յայտնէ լիբանանեան RLL կայանը, նշելով նաեւ, որ եղած թէքնիք խանգարումը պատճառ դարձած է, որ անսպասելի խճողում գրանցուի Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի»ի անուան միջազգային օդակայանին մէջ։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ լիբանանեան MEA օդանաւային ընկերութիւնը այս առթիւ յատուկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է յայտնելով, որ այսօր Պէյրութէն դէպի տասնեակ մայրաքաղաքներ թռիչքները յետաձգուած են եւ այդ պատճառով ալ գրանցուած են ուշացումներ։
Թռիչքներու կարգաւորման եւ օդակայանի աշխատանքներու բնականոնացման վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւններ ցարդ չեն փոխանցուիր։