image

ԱՄՆ պիտի ամրապնդէ իր կապերը Կիպրոսի հետ. Պատճա՞ռը

ԱՄՆ պիտի ամրապնդէ իր կապերը Կիպրոսի հետ. Պատճա՞ռը

ԱՄՆ-ը պիտի ամրապնդէ Կիպրոսի հետ գործընկերային յարաբերութիւնները՝ ազդանշան ուղարկելով Թուրքիոյ:

Կիպրոսի կառավարութեան խօսնակ Փրոտրոմոս Փրոտրոմուն յայտարարած է, որ Ուաշինկթընը ջերմ կը վերաբերի Յունաստանի, Իսրայէլի եւ Կիպրոսի միջեւ գործընկերութեան, որ կը նպաստէ Միջերկրական ծովի արեւելեան հատուածին մէջ կայունութեանն ու անվտանգութեան, կը հաղորդէ «San Francisco Chronicle» պարբերականը:

Փրոտրոմուն հանդէս եկած է յայտարարութեամբ այն բանէն ետք, երբ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսը բանակցութիւններ վարած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի օգնականի տեղակալ Մեթիւ Փալմերի հետ:

Յունաստանը, Իսրայէլն ու Կիպրոսը կ'ամրապնդեն կապերը՝ ձգտելով օգտուիլ ածխաջրածնային հսկայական պաշարներէն, որոնք յայտնաբերուած են Միջերկրական ծովի արեւելեան հատուածին մէջ: Սակայն Թուրքիան դէմ է Կիպրոսի կղզիներուն մօտ հորատման ծրագիրներուն:

Անգարան յայտարարած է, որ Յունաստանի վարչակազմը կը խախտէ կիպրոսցի թուրքերու իրաւունքները՝ շահագործելով պաշարները: Թուրքիոյ կառավարութիւնը նաեւ կը վիճարկէ Կիպրոսի տնտեսական գօտին:

Փրոտրոմուն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները կ'ակնկալէ, որ Թուրքիան զերծ կը մնայ անօրինական գործողութիւններէ այն ջուրերուն մէջ, ուր Կիպրոսը բացառիկ տնտեսական իրաւունքներ ունի:

Աւելի վաղ ԱՄՆ պետական բաժանմունքի՝ Հարաւային Եւրոպայի հարցերով տնօրէն Եուրի Քիմը յայտարարած էր, որ Կիպրոսի եւ Յունաստանի հետ կապերու ամրապնդումը Միացեալ Նահանգներուն թոյլ կու տայ հասնիլ տարածաշրջանին մէջ իր նպատակներուն: