image

Կիպրոսի մէջ. Յարգած են Հնչակեան Քսաններու յիշատակը

Կիպրոսի մէջ. Յարգած են  Հնչակեան Քսաններու յիշատակը

Կիրպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ   օրերս յարգած են  Հնչակեան Քսաններու յիշատակը։

 

 Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկացաւ Կիպրոսի Թեմի  դիմատետրի պաշտօնական էջէն։

 Աղբիւրը այս մասին մասնաւորապէս գրած է ՝

 

 Կիրակի, 13 Յունիս 2021-ի առաւօտեան, Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ, Հնչակեան քսան կախաղաններուն, որոնք 15 Յունիս 1915-ին, Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ բարձրացան կախաղան, յանուն Հայաստանի ու հայութեան:

Շուրջ դար մը առաջ Թուրքիոյ հրապարակներուն վրայ քաջօրէն կախաղան կը բարձրանային հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարին նուիրուած հնչակեան գործիչներ: Քսան կախաղանները հաւատքն էր հայրենիքի ազատագրութեան հանդէպ, Աստուծոյ ստեղծած ազատ մարդու կերպարին վերակերտման համար իրենք զիրենք ազատագրութեան դատին նուիրուած յեղափոխականներուն։

Պատարգեց ու քարոզեց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Մոմիկ Քհնյ. Հապէշեանը, վեր առնելով քաջարի հերոսներուն նուիրուածութիւնն ու նահատակութիւնը: Հոգեհանգստեան արարողութեան նախագահեց՝ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանը: Ներկայ էին Կիպրոսի Ս.Դ.Հ.Կ. Վարիչ Մարմնէն պատասխանատուներ եւ անդամներ, որոնք պատարագէն ետք Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ դափնեպսակ զետեղեցին: