Նիւ Եորքի մէջ Կիպրոսի շուրջ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան առաջիկայ երկու ամիսներուն՝ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մասնակցութեամբ, այսօր յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, գրած է Reuters գործակալութիւնը։
Պրիւքսէլի մէջ ԵՄ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ բանակցութիւններէն ետք Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ դաշինքը մինչ այժմ «անտեսած է թրքական կողմի իրաւունքները»։
«Մենք անոնց փոխանցեր ենք, որ այդ վստահութիւնը պէտք է վերականգնուի»,-ըսած է ան:
Չաւուշօղլուն նշած է, որ փետրուարի վերջը կամ մարտի սկիզբը Թուրքիան, Յունաստանը, Մեծ Բրիտանիան եւ ՄԱԿ-ը բանակցութիւններու պիտի հրաւիրեն կիպրոսեան երկու կողմերը։ Բանակցութիւններուն պիտի մասնակցի նաեւ Եւրոմիութիւնը՝ որպէս դիտորդ։
ՄԱԿ-ը տասնամեակներ շարունակ կը փորձէ վերամիաւորել Կիպրոսը, որ պառակտուած է 1974 թուականին`թրքական ներխուժման հետեւանքով: Կիպրոսը վերամիաւորելու վերջին փորձը ձախողած է 2017 թուականին տեղի ունեցած բանակցութիւններէն ետք, որուն մասնակցած են բոլոր կողմերը։
Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւնը որպէս անկախ պետութիւն կը ճանչնայ միայն Թուրքիան։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել