image

Ամերիկա Զինուորական Օդակայան Պատրաստած է Քիւրտերուն Համար

Ամերիկա  Զինուորական Օդակայան  Պատրաստած  է Քիւրտերուն Համար

Սուրիա- («Ալ-Քալիմա Օնլայն»-Պէյրութ)- Ամերիկացի փորձագէտներ  աւարտած են գիւղատնտեսական օդակայանի մը պատրաստութեան գործը Արեւելեան Հասաքէի արուարձանի «Թէլ Հաճար» շրջանին մէջ, որ կը գտնուի Քրտական  «Ժողովրդային պաշտպանութեան միաւորներու» վերահսկողութեան տակ: Այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանանեան «Ալ-քալիմա» կայքը: Ըստ փոխանցուած տեղեկութեան, աւելի քան մէկ ու կէս ամիս ամերիկացի մասնագէտներ աշխատած են օդակայանը ընդարձակելու եւ զայն ռազմական օդանաւներ ընդգրկող հսկայական հարթակներով:Ըստ աղբիւրին, օդակայանը, որ կը գտնուի Ռըմէլանի հարաւ արեւելքը եւ նախապէս Հասաքէյի գիւղատնտեսութեան տնօրէնութեան կողմէ օգտագործուած է,  որպէս  նիւթեր սրսկելու միջոց, դադրած է գործելէ 2010 թ.էն սկսեալ եւ այժմ կը նկատուի «Ժողովուրդային պաշտպանութեան միաւորներու» սպառազինման գլխաւոր ամրոց եւ կը պարունակէ  քիւրտերու ամենամեծ զինամթերքի պահեստանոցը:Օդակայանը ապահով տեղ հանդիսանալով Ուաշինկթընին,պիտի ծառայէ որպէս իջավայր անոր  մասնայատուկ (Քոմանտո)  ուժերուն եւ ռազմական աջակցութիւն հասցնելու իր դաշնակիցներուն, որոնք «Տահէշ»ի դէմ կռիւներ տանելէ եւ Իրաքի սահմանին գտնուող «Ալ-Հաուլ» քաղաքը եւ հարաւային Հասաքէյի ջրամբարը գրաւելէ ետք, այժմ ջանքեր կը գործադրեն իշխելու հարաւային Հասաքէյի արուարձանին: Մինչ Հիւսիսային Հալէպի արուարձաններէն ներս ռուսական օդանաւներու օդային աջակցութեամբ «Սուրիոյ դեմոկրատական ուժեր»ը վերագրաւած են Թէնպը եւ Մարիամէյնը՝ Աֆրինի մէջ, որորնք գրաւուած էին «Նըսրա»ի եւ «Ահրար Ալ-շամ» ի կողմէ, նշելով որ «Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերը» կը ջանան յառաջանալ եւ կտրել Ազէզ-հալէպ ճանապարհը, հասնելով մինչեւ Թուրքիոյ հետ «Ալ-սալամէ» սահմանային անցքը :