image
Հրատապ լուրեր:

«Ամէն ինչ վերջացաւ.Ատրպէյճանցիները եկան». Շուռնուխի գիւղապետ (Տեսանիւթ)

«Ամէն ինչ վերջացաւ.Ատրպէյճանցիները եկան». Շուռնուխի գիւղապետ (Տեսանիւթ)

«Ժողովուրդ ջան, վերջացաւ, ամէն ինչ պրծաւ»։ Այս մասին այսօր՝ 2 յունուարին, դիմատետրի ուղիղ եթերով ըսած է Շուռնուխի գիւղապետ Յակոբ Արշակեան՝ տեղեկացնելով, որ ատրպէյճանցիները ռուս սահմանապահներու հետ մտած են Սիւնիքի մարզի Շուռնուխ գիւղը։

 

«Ամէն ինչ պրծաւ, մնում է միայն այս համազգեստը հանենք: Գիւղի մէջ արդէն «փոստ» (դիրք) են ստեղծել, մինչեւ ամսի 5-ը ժամանակ են տուել, դրանից յետոյ այստեղ մի հոգի էլ պիտի չմնայ, անասունն անցնի՝ իրենցն է, մարդն անցնի՝ իրենցն է»,– ըսած է գիւղապետը։

 

Աւելի վաղ գիւղապետը ըսած էր, որ ատրպէյճանցիները սահմանազատման չափումներ ընելէն ետք ըսած են, որ գիւղէն 12 տուն իրենց կ'անցնի։