image

Զելենսքի կարեւորած է  Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի  հետ յարաբերութեանց բարելաւումը 

Զելենսքի կարեւորած է  Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի  հետ յարաբերութեանց բարելաւումը 

Մենք պէտք է ամուր յարաբերութիւններ կառուցենք անկախ Ատրպէյճանի հետ, այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին։

«Փութինի խնդիրը արդէն քանդուածին վերադառնալն է։ Որքան նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրները զօրանան եւ անկախանան, այնքան իրեն համար դժուար պիտի ըլլայ այդ մէկը ընել։ Ուքրանիան գլխաւոր դեր կը խաղայ այս հանելուկին մէջ։ Ան կը փափաքի մեզ կոտրել։ Եթէ ան յաջողէր, աւելի դիւրին պիտի ըլլար այլ յետխորհրդային երկիրներու պարագային՝ բոլոր պետութիւններու նկատմամբ ամբողջ յարգանքով։ Բոլորը գիտեն այս մէկը եւ բարձր կը գնահատեն Ուքրանիոյ ներդրումը՝ այդքան թանկ, մարդկային կեանքերով վճարուած՝ այլ պետութիւններու անկախութեան գործին մէջ։

Մենք պէտք է ամուր յարաբերութիւններ կառուցենք անկախ Ատրպէյճանի հետ։ Մենք կ՚աջակցինք անոր ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան։ Ինչպէս այս տարի, երկար ընդմիջումէ ետք առաջին անգամ, վերականգնեցինք կապերը Հայաստանի հետ։ Այս բոլորը պիտի օգնեն։

Ուքրանիոյ ներկայ ներկայութիւնը նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին այդ երկիրներու անկախութեան երաշխիքն է։ Օրինակ՝ ես հրաւիրուած էի Մոլտովայի անկախութեան տօնին։ Մեզի համար կարեւոր է պահպանել նման յարաբերութիւնները, եւ ես հպարտ եմ, որ զանոնք այսպէս կը կառուցենք», - յայտարարած է Ուքրանոյ նախագահը։