Վեց տարի անց ալ հարցումը նոյնն է. ո՞վ պիտի պատասխան տայ։ Մինչեւ այդ հարցումին չտրուի համոզիչ եւ անկեղծ պատասխան, Պէյրութի նաւահանգիստին փլատակները պիտի շարունակեն ծանրանալ ոչ միայն քաղաքի, այլ ամբողջ Լիբանանի խղճին վրայ։
Այս առթիւ մեր հետեւորդներուն ներկայացնենք Լիբանանահայ կարգ մը համայնքային գործիչներու խօսքն ու այդ ծանր օրուան հետ կապուած յիշողութիւնները։
4 Օգոստոս 2020-ը միայն Լիբանանի նորագոյն պատմութեան ամենասեւ օրերէն մէկը չէր միայն։ Ան այն օրն էր, երբ ամբողջ երկիր մը մէկ վայրկեանին մէջ կորսնցուց իր ապահովութեան զգացումը, իր վստահութիւնը պետական համակարգին հանդէպ եւ հազարաւոր ընտանիքներու համար՝ իր ամենաթանկ մարդիկը։
Ժամը 6:07-ին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ որոտացած պայթումը ոչ միայն խլեց հարիւրաւոր անմեղ կեանքեր եւ վիրաւորեց հազարաւոր մարդիկ, այլեւ պայթեցուց պետական անպատասխանատուութեան, անփութութեան եւ տարիներով կուտակուած քայքայումի ամբողջ համակարգը։ Այդ օրը զոհ դարձաւ նաեւ ճշմարտութիւնը, որովհետեւ վեց տարի անց ալ Լիբանանը տակաւին չէ կրցած տալ այն հիմնական պատասխանը, զոր կը պահանջէ իւրաքանչիւր զոհի ընտանիք. ո՞վ է պատասխանատուն։
Վեց տարիներու ընթացքին կառավարութիւններ փոխուեցան, խորհրդարաններ ընտրուեցան, դատաւորներ նշանակուեցան ու փոխարինուեցան, քաղաքական ճնշումները շարունակուեցան, սակայն արդարադատութեան անիւը գրեթէ չշարժեցաւ։ Քննութիւնը բազմիցս խոչընդոտուեցաւ, դատական գործընթացները քաղաքականացան, իսկ պատասխանատուութեան ենթարկուելու փոխարէն շատեր շարունակեցին իրենց բնականոն քաղաքական կամ վարչական գործունէութիւնը։
Արդարութիւնը, սակայն, ժամանակավրէպ պահանջ չէ։ Ան զոհերու ընտանիքներուն իրաւունքն է, Լիբանանի քաղաքացիներուն իրաւունքն է եւ պետութեան գոյութեան նախապայմանն է։ Այն երկիրը, որ չի համարձակիր բացայայտել իր պատմութեան մեծագոյն ողբերգութեան ամբողջ ճշմարտութիւնը, դժուար թէ կարողանայ վստահութիւն ներշնչել իր քաղաքացիներուն կամ ապագան կառուցել առողջ հիմքերու վրայ։
Այս ողբերգութիւնը նաեւ հայ համայնքին համար մնաց անմոռանալի վէրք։ Պայթումին հարուածը ծանր կերպով զգացուեցաւ Պուրճ Համուտի, Նոր Հաճընի, Պատաուի, Մար Մխայէլի, Ժմմայզէի, Էշրէֆիէի եւ հայկական ներկայութիւն ունեցող այլ թաղամասերու մէջ։ Տասնեակ հայեր զոհուեցան կամ վիրաւորուեցան, եկեղեցիներ, դպրոցներ, մշակութային կեդրոններ եւ տուներ աւերուեցան։ Սակայն նոյն այդ օրերուն հայութիւնը դարձեալ ապացուցեց իր համախմբուածութիւնը՝ վերաշինելով, աջակցելով եւ ձեռք երկարելով իր զաւակներուն։
Այսօր, վեց տարի անց, Պէյրութի շատ շէնքեր նորոգուած են, կոտրուած ապակիները փոխարինուած են, փողոցներուն վրայ կեանքը վերադարձած է։ Բայց կան պատուհաններ, որոնք չեն բացուիր, որովհետեւ իրենց տէրերը այլեւս չկան։ Կան տուներ, ուր սեղանին շուրջ աթոռներ կը պակսին։ Կան մայրեր, հայրեր եւ զաւակներ, որոնց համար ժամանակը կանգ առած է 4 Օգոստոս 2020-ին։
«Արեւելք»-ը այս տարելիցին կը խոնարհի բոլոր զոհերու յիշատակին եւ կը վերահաստատէ իր համոզումը, թէ արդարութիւնը չի կրնար դառնալ քաղաքական սակարկութեան նիւթ։ Ճշմարտութիւնը չի «հիննար», իսկ յիշողութիւնը չի մեռնիր։
Վեց տարի անց ալ հարցումը նոյնն է. ո՞վ պիտի պատասխան տայ։ Մինչեւ այդ հարցումին չտրուի համոզիչ եւ անկեղծ պատասխան, Պէյրութի նաւահանգիստին փլատակները պիտի շարունակեն ծանրանալ ոչ միայն քաղաքի, այլ ամբողջ Լիբանանի խղճին վրայ։